2015-06-17 09:55:00

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ առ Դէմ


Աւազակութեան տեսակին ու յափշտակուած աւարին մասին անվերջանալի քննարկումի նիւթ կարելի է հայթայթել, իսկ գողին կազմակերպուած աշխատանքին դիմաց՝ անծայրածիր հորիզոն գոյութիւն ունի: Որովհետեւ իր սեփականութիւնը չեղող ամէն ինչ կրնայ իրեն սեփական նկատել, ու միջոցները գտնելով, յափշտակել զայն: Աղօթքը իր բնութեամբ, աստուածամերձ հաղորդականութեամբ, հոգեկան չինչ ու բիւրեղ կերտուածքով, բնականաբար հեռու է քրէական ամէն գործերէ, որոնք Աստուածաստեղծ մարդուն դիմագիծը կ՛աղարտեն, ու զայն կը դատապարտեն մարդկութեան դէմ գործած յանցանքներով:

Աւազակը, իր ամէն երանգներով՝ խճողուած շուկային մէջ կամ հանրակառքէն ներս շրջող քսակահատէն սկսեալ մինչեւ դրամատնային համակարգիչներու հաշուետոմարները պրպտող համացանցային նենգ մասնագէտը, անկասկած մաս չեն կազմեր մարդկային ընկերութիւնը իր բարձրութեան վրայ պահող պարկեշտներու խմբակին,  այդ խմբակին պատկանողներուն թիւը դժբախտաբար օրըստօրէ նուազում կ՛արձանագրէ։ Երկար տարիներով իրարու բարեկամ եղած ու նոյնիսկ գործի ասպարէզին մէջ իրարու նեցուկ կանգնելով յաջողութեան հասած անձեր, փոխադարձ երախտագիտութիւնը անգամ մոռնալով, անպարկեշտ ու անհաւատարիմ կեցուածք կը ցուցաբերեն իրարու նկատմամբ:

Անցնող սերունդները անպայման սրբակենցաղ չէին այս իմաստով: Չէ՛ եղած ժամանակ, մարդկային ցեղի պատմութեան մէջ, երբ աշխարհի բոլոր բնակիչները իրարու նկատմամբ համերաշխութիւն ցուցաբերած ըլլան: Աստուածաշնչային ցանկալի կացութիւնը, երբ գայլն ու գառը միասին պիտի ճարակին, դեռ չէ՛ եղած աշխարհի մէջ: Սակայն, այդ ժամանակաշրջանի անհաւատարմութիւններն ու անպարկեշտութիւնները վարագուրող ու մարդկային կիսաքաղաքակիրթ բնաւորութեանց տգեղութիւնները պարուրող շղարշը՝ ամօթխածութիւնն էր:

Ինչպէս որ լռութիւնը չափազանց զօրութեան նշան է, այնպէս ալ ամօթխածութիւնը պարկեշտութեան հոմանիշ է, ու համեստութեան գերազանց արտայայտութիւն:

Գիտակից ամօթխածութիւնը, որ պարկեշտութեան կ՛առաջնորդէ մարդը, ուրիշին ստացուածքին ու կեանքին չձեռնելու զգուշաւորութիւնը կը սորվեցնէ նաեւ: Այն ինչ որ ես չեմ ցանած, չեմ կրնար եւ իրաւունքը չունիմ հնձելու, եթէ զայն ցանող մշակը չ՛արտօնէ ինծի դպչիլ անոր:

Ահա այս գիտակցութենէն ամբողջութեամբ զուրկ կ՛ըլլան յատկապէս գողերը, իրենց բոլոր տեսակներով: Գողը միայն ոսկի կամ թանկարժէք իրեր ու դրամ գողցողը չէ: Գողերու տեսակ կայ, որ կրնայ նաեւ նկարագիրդ գողնալ, որդեգրել այն ինչ որ իրեն չի՛ վայելեր, ոչ ալ հազար վկաներու բերնով կրնայ հաստատել զայն իր վրայ:

Ամէն աշխատանքէ առաջ կատարուած աղօթքը, յատկապէս մեր հայրերէն ժառանգուած ամէնէն գովելի առաքինութիւնը եղած է ու կը մնայ մեր ժողովուրդին մօտ: Երանելի՜ են այն մարդիկը, որոնք ամէն գործ սկսելէ առաջ իբրեւ նշան Աստուածավախութեան, եւ Աստուծոյ առաջնորդութեան ապաւինելուն՝ կը խաչակնքեն իրենց դէմքը:

Կան նաեւ գողեր որոնք իրենց «գործը» սկսելէ առաջ կ՝աղօթեն  որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի ու անվտանգ անցնի այդ գիշերուան իրենց կատարելիք աւազակութիւնը…Սակայն անոնց «աղօթքը» լսելի չի՛ դառնար Աստուծոյ, մարդկութեան համերաշխութիւնը քայքայող, ու անոնց միջեւ իրաւական համահաւասար կշիռքը խախտող յափշտակութեանց ծրագիրները ախորժելի չեն ըլլար Անոր: Եթէ կը ճանչնաք նման գողեր, լաւագոյնը պիտի ըլլար խրատել զանոնք, որ ետ կենան ո՛չ միայն իրենց անիմաստ «աղօթքէն», այլ մանաւանդ ուրիշին վաստակով հարստանալու յիմար ձգտումէն: Իւրաքանչիւր մարդ մէկ պատառ հաց ունի ուտելիք այս կեանքին մէջ, որ զինք կրնայ կշտացնել աւելիով…:








All the contents on this site are copyrighted ©.