2015-06-17 09:34:00

Ափրիկէի եկեղեցին հռչակած է հաշտութեան տարի մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ափրիկեան ցամաքամասը յանձն կ’առնէ`  29 Յուլիս 2015էն սկսեալ ապրելու հաշտութեան տարի մը։ Այս յայտարարութիւնը բանաձեւուեցաւ Döbra-ի մէջ (Namibie) արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Ափրիկէի եպիսկոպոսական յանձնախումբերու գիտաժողովին աւարտին որ տեղի ունեցաւ 11-15 Մարտ 2015-ին։ Այդ հանդիպումին առանցքը եղաւ Ափրիկէի հաշտութեան ու ամբողջական բարգաւաճումը, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ եպիսկոպոսներ ու պատասխանատուներ։ 

Ժողովականները մասնաւորապէս քննարկեցին Ափրիկէի  բռնութեան  ու կրօնական ծայրայեղութեան բազմաթիւ երեւոյթները, մատնանշելով որ ցամաքամասի բնական հարստութիւններու շահագործումը կը կազմէ ընդհարումներու գլխաւոր պատճառներէն մէկը։

Նոյնպէս Ափրիկէի եպիսկոպոսական խորհուրդը յանձն առաւ գործել վասն խաղաղութեան ու բնապահպանումին։

Պայքարելով հանդերձ սովի դէմ, Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբերը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին զօրակցելու ու իրենց փորձառութիւնը դնելու ցամաքամասի Պետութիւններու հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ի սպաս ։ Այդ իմաստով անոնք հռչակեցին հաշտութեան տարին եւ հիմնեցին յատուկ մարմին մը քննարկելու եւ լուծում գտնելու տեղական  ընդհարումներուն։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը մտադիր է այս տարուայ աւարտին ճամբորդութիւն կատարել Ափրիկեան ցամաքամաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.