2015-06-16 08:39:00

Ռայի Պատրիարք. «Կ՛աղօթենք Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց մարոնի առաջնորդներու սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ պիտի քննարկուին մարոնի համայնքի առաջնորդարաններուն դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները, յատկապէս նկատի ունենալով Արեւելքի մէջ տիրող ողբերգական վիճակը:

Ռայի պատրիարքը նշեց նաեւ, սիւնհոդոսը պիտի քննարկէ նաեւ հոգեւոր ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի յառաջիկայ տարուան ընթացքին, որ ըստ Ֆրանչիսկոս պապին, «Աստուածային ողորմութեան տարի»-ն պիտի ըլլայ:

Ան շեշտեց, որ սիւնհոդոսին ընթացքին մարոնի եկեղեցւոյ դիմագրաւած բոլոր հարցերը պիտի քննարկուին` հեռու ճնշումներէ եւ պարտադրուած պայմաններէ, կատարեալ ազատութեան եւ առարկայականութեան մթնոլորտի մէջ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց սիւնհոդոսի քննարկումներուն եւ տրուելիք որոշումներուն նկատմամբ գաղտնապահութեան կարեւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ իրենք կ՛աղօթեն Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Լիբանանի մէջ ամբողջական հաշտութիւն գոյացնելու դիտաւորութեամբ` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: «Խիստ մերժելի է երկրին նախագահական աթոռը թափուր պահել ամբողջ տարուան մը համար եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը սառեցնել», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան աւելցուց, որ այս վիճակով կարելի չէ 2020-ին` հինգ տարի ետք, Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակը նշել:

«Մենք կ՛աղօթենք նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ պատերազմի աւարտին եւ Պաղեստինի խաղաղութեան համար», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.