(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 16 յունիսի առաւօտեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու համաժողովի կառավարիչը կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Հռոմի Սուրբ Ստեփանոսի եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, ՌՈԱՔՕ-ի բարերարներու դիտաւորութեան, որուն մասնակցեցան` Արեւելքի Եկեղեցիներու օգնութիւն` ՌՈԱՔՕ-ի 88-րդ լինասիտ ժողովի մասնակիցները։
Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Սանտրի յայտնեց թէ ''այս տարի եւս համախմբուած ենք մենք զմեզ դնելու Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն ծառայութեան ի սպաս, որոնք յաճախ ժամանակակից մարտիրոսներ են. Մարտիրոսներ այսինքն վկաներ։
Սուրբ Խորանին մատուցենք մեր դիտաւորութիւններ ու աղերսը համայն Միջին Արեւելքի խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, յատկապէս Սուրիոյ, Իրաքի եւ Սուրբ Երկրին համար, առանց մոռնալու Ուկրանիոյ վէրքերը։
Ծիրանաւորը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները խօսելով ծառայութեան ու անձնուիրումի մասին։ ''Մինչ մարդը հաշիւներ ու ծրագիրներ կը մշակէ Աստուած կը նուիրէ ձրիութեամբ ու կը սիրէ անհունօրէն'', ըսաւ կարդինալը, ակնարկելով հուսկ բարեգործական հաստատութիւններու սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան գործունէութեան` այսինքն այն կարելիութեան ներդրում կատարելու անձնական, մասնագիտական եւ նիւթական գետնի վրայ, ու հոգալու Եկեղեցւոյ ու անոր կառոյցներու կարիքները։
Մեր Կաթողիկէ Արեւելեան եկեղեցիները Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովէն որակուած են ''կենդանի վկաները առաքելական ծագումին'', ըսաւ ապա Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը հուսկ հաստատեց թէ եղբայրօգնութիւնն ու սէրը ''ինքզինք կորսնցնել է'' ինչպէս կը կրնկէր Երաների Շարլ Տէ Ֆուքոն ու ակնարկեց բազմաթիւ այն բարերարներուն որոնք այս ամիսներուն նեցուկ կանգնեցան Սուրիոյ Եւ Իրաքի իրենց եղբայրներուն ու հրաւիրեց ներկաները աղօթելու անոնցմէ ամէն մէկուն համար որոնք ''Երկնքի մէջ իրենց Հօր զաւակներն են, կատարեալ եւ ողորմած Անոր նման'' ու ապա Մարիամ Աստուածամօր հովանին հայցեց` որպէսզի մեզ օգնէ ամէն օր ըլլալու հաղորդութեան հեղինակներ ու ապրիլ այն գիտակցութեամբ ըլլալու ''կենդանի անկիւնաքարեր'' այն հոգեւոր կառոյցին որ է Եկեղեցին` Քրիստոսի հարսը։ Ամէն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |