2015-06-16 11:47:00

Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի մտահոգութիւնը գաղթականներու նկատմամբ.


(Ռատիօ Վատիկան)՝՝Միջազգային  ընտանիքի բոլոր անդամները, բարոյական եւ օրէնսդրական պարտականութիւնն ունի պաշպանելու համար  վտանգի  ենթարկուած բոլոր անձերը, անկախ՝ անոնց ցեղային եւ պետական պատկանելիութենէն՝՝՝  հաստատած է Եկեղեցինեու  համաշախարհային խորդուրդի կոմիտէն, երկուշաբթի, 15 յունիսին, Ժընեւի մէջ կայացած համագումամարին ընթացքին։

Համաշխարհային Եկեղեցական խորհուրհը յայտնած է իր  խորին մտահոգութիւնը ՝  աշխարհի զանազան վայրերէն  ժամանող անթիւ գաղթականներուն նկատմամբ յատկապէնս անոնց` որոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով փախուստ կու տան իրենց երկիրներէն, ինչպէս՝ Մյանմարէն եւ հիւսիսային Ափրիկէէն։

Համաշխարհին եկեղեցւոյ հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է  խորհուրդի համամիութենական կոմիտէին կողմէ, վերջերս ՝ Էջմիածին կատարած Մեծ եղեռնի 100-րդ ամեակի առթիւ զոհերու յարգանքնի տուրք մատուցանելու համար՝  կատարած այցելութեան աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.