2015-06-16 09:40:00

Արեւելքի եկեղեցիները միասնաբար ու միատեղ կ’աղօթեն խաղաղութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասորի օրթոտոքս Ինքնատիոս Եբրեմ Բ` Անտիոքի Աթոռի պատրիարքները հրաւիրած էր համամիութենական հանդիպումի մը որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ օրը, Սուրիոյ Սետնաեայ մարեմեան սրբավայրին մէջ։

Հրաւէրին ընդառաջեցին Անտիոքի երեք պատրիարքներ` Եունան` յոյն օրթոտոքսը, Գրիգոր Գ` յոյն կաթողիկէն եւ Ինքնատիոս Եուսէֆը, որոնք ընդունուեցան Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախ մասնակցեցան համամիութենական աղօթքի եւ ապա քննարկեցին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած տառապալից հարցը։

Համայնքապետերը միասնաբար աղօթեցին Սուրիոյ  խաղաղութեան համար, աղօթեցին առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու ազատագրումին համար մասնաւորապէս իրենց աղերսը բարձրացնելով Տիրոջ որպէսզի Անտիոքի եկեղեցիները միասնաբար վկայութիւն տան Քրիստոսի ներկայութեան այդ աշխարհամասին մէջ։

Երեկոյեան անոնք ոգեկոչեցին ասորիներու ցեղասպանութեան հարիւրամեակը գործադրուած Թուրքիոյ  մէջ։ Ապա բացումը կատարեցին սուրբ Եփրեմի արձանին, միշտ Սետնաեայի մէջ որ կը գտնուի Դամասկոսէն 30 քլմ հեռու։

Անցեալ ապրիլին Սուրիոյ կառավարութիւնը Պապ Թումա թաղամասին մէջ բացումը կատարած էր  այգիի մը նուիրուած  ասորիներու նահատակներուն թիրախ 1915-ին թրքական հողին վրայ գործադրուած ոճիրին Օսմանեան կառավարութեան կողմէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.