2015-06-16 08:43:00

«Առանց Հայրենիքի. Հալէպէն Հայու մը պատմութիւնը» Իտալական քաղաքին մէջ


Ապրիլ 24-էն ետք  ամբողջ աշխարհի մէջ կը շարունակուին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները:

Varesenews պարբերականի փոխանցմամբ` Իտալիոյ հիւսիսային փոքրիկ Գաստիլիոնէ Օլոնա քաղաքին մէջ «Առանց հայրենիքի հայը. պատմութիւն ինծի եւ մեզի համար» խորագիրով մշակութային երեկոյ կ’իրականացուի: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութիւնն ու Կոյս Ռոզարիոյ եկեղեցական ծուխը, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Երեկոյի հիւրը պիտի ըլլայ սուրիահայ գրող Սեզար Պալապան` «Առանց հայրենիքի. Հալէպէն հայու մը պատմութիւնը» վէպի հեղինակը:

Սեզար Պալապան ծնած է 1950 թուականին, Հալէպ, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի ընտանիքի մէջ: Ան մեծցած է երեք մշակոյթներու մթնոլորտի մէջ. Ընտանիքէն ներս` հայկական, շրջապատը` արաբական, դպրոցը` ամերիկեան: 1969 թուականին ան կը մեկնի Իտալիա` այնտեղէն ԱՄՆ ուղեւորուելու համար, սակայն կ’որոշէ մնալ եւ վիրաբուժութիւն ուսանիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.