2015-06-15 12:03:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Հռոմի թեմական հաւաքին


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 14 Յունիսի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ  Հռոմի թեմի թեմական հաւաքին բացումը, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, որ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ըսաւ. ''Ձեզի հետ հանդիպիլը Հռոմի թեմական հաւաքին սկիզբը Ինծի համար մեծ հաճոյք մըն է։ Շնորհակալ եմ մեծ թիւով ձեր մասնակցութեան համար։ Ինչպէս գիտէք վերջին այս տարիներուն կը հարցադրենք թէ ի՞նչպէս հաղորդել հաւատքը մեր թեմին նոր սերունդին, որ կարիքն ունի ճշմարիտ, բարոյական ու հոգեւոր վերազարթօնքի, վերածնունդի։ Այս յանձնառումը յոյժ կարեւոր է երբ կը խօսինք մանուկներու ու անչափահասներու դաստիարակութեան մասին։ Դուք` ծնողներ, առաջին պատասխանատուներն էք ձեր զաւակներուն։

Յառաջիկայ Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որուն նպատակն է օգնել ծնողները ճանչնալու իրենց կոչումին գեղեցկութիւնը։ Ընտանիքին մէջ ողջ կը հնչէ Յիսուսի սա խօսքը`''չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար''։ Ապրիլ Աւետարանը` հեշտ է ու երջանիկ կը դարձնէ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը կեդրոնացուց  ընտանիքի կոչումին, հաղորդութեան ու առաքելութեան մասին։

Կոչումը - Պօղոս առաքեալը կը գրէ. ամէն հայրութիւն Աստուծմէ կու գայ, նոյնպէս կարելի է աւելցնել եւ ամէն մայրութիւն։ Ամէնքս զաւակներ ենք սակայն հայր եւ մայր դառնալը կոչում մըն է։ Տէրը ձեզ ընտրեց իրար զիրար սիրելու ու կեանքը հաղորդելու եւ այսպէսով կը դառնաք պատկերը ու նմանութիւնը Աստուծոյ։

Ձեր զաւակները, սիրելի ծնողներ, պէտք ունին ճանչնալու սիրոյ գեղեցկութիւնը, ձեր կեանքը դիտելով։ Բնաւ մոռնալու չէք որ ձեր զաւակները միշտ կը դիտեն ձեզ։

Հաղորդութիւն - Մենք գիտենք որ Աստուած հաղորդութիւն մըն է Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերու զանազանութեան մէջ։ Ծնողք ըլլալ կը հիմնուի երկու էակներու զանազանութեան մէջ միութեան, ինչպէս կը յիշեցնէ Աստուածաշունչը`այր եւ կին։ Այս զանազանութիւնը հարստութիւն մըն է։ Այր եւ կին իրար զիրար կը սիրեն զանազանութեան մէջ ու իրար զիրար կ՛ամբողջացնեն ու կը բարգաւաճին։ Այս է հաղորդութիւնը։ Զաւակները կը հասուննան տեսնելով իրենց հօրն ու մօր զանազան տաղանդները։  Կարեւոր յատկութիւն մը, որ պէտք է մշակել ու պահպանել։ Ամուսնութեան խորհուրդով Տէրը կը շնորհէ ձեզի ոյժը յաղթահարելու չարը, կը շնորհէ միութիւնը որ աւելի հզօր է ընդհարումէն, որ կարող է դարմանել մէկը միւսին պատճառած վէրքը­ յանուն ս. պսակի խորհուրդի սիրոյն։

Բաժանումի պարագային, ըսաւ Սրբազան Հայրը, գիտցէք որ Եկեղեցին կը շարունակէ սիրել ձեզ եւ թէ դաստիարակի պարտականութիւնը կը շարունակուի հանդէպ  ձեր զաւակներուն։ Դուք` զաւակներու համար կը մնաք միշտ հայր եւ մայր, որ չեն կարող միասին ապրիլ վէրքի մը կամ հարցի մը հետեւանքով։ Ծնողներ աշխատեցէք համաձայն գտնուիլ, միասնաբար համագործակցիլ ձեր զաւակներու ներդաշնակութեան ու երջանկութեան սիրոյն ի սպաս։ Ձեր հարցերը դուք ձեզի պահեցէք եւ մի հաղորդէք ձեր զաւակներուն։

Առաքելութիւնը - Ծնողները Ս. Հոգւոյն գործակիցներն են։ Եղէք առաքեալները ձեր զաւակներուն։ Անոնք ձեր շրթունքներէն ու կեանքի օրինակէն պիտի սորվին որ Տիրոջ հետեւիլը կու տայ խանդաղատանք, նուիրում, յոյս` հակառակ դժուարութիւններուն ու ցաւին, քանի բնաւ առանձին չենք, այլ միշտ Տիրոջ ու եղբայրներուն հետ ենք։

Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը ուզեց եզրափակել խօսք մը ուղղելով մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն։ Գիտէք որ Հռոմի բնակչութեան 21,5 տոկոսը ծերեր են - ըսաւ Ան -  հարցում մը միայն. մեծ ծնողները արժանավայել դեր մը ուն՞ին տան մէջ։ Մեծ ծնողները ժողովուրդի մը իմաստութիւնն են, ընտանիքի իմաստութիւնը, անոր խոհեմութիւնն ու հարստութիւնը - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.