2015-06-15 13:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Չեխ պատուիրակութեան անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 15 յունիսի, ժամը 12.30-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, ընդունեց Չեխիոյ հանրապետութեան Հուսիսդ եւ Բողոքական եկեղեցիներէ՝  պատուիրակութիւն մը, որոնք Հռոմ ժամանած են նշելու , Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներուն դամբարանին մօտ,  Չեխիոյ անուանի քարոզիչ եւ Փրակայի համալսարանի երբեմնի տեսուչ՝  Ժան Հուսի մահուան  600 ամեակը։

Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած ճառին մէջ յայտնեց, թէ սոյն հանդիպումը, առիթ կ՝ընծայէ վերանորոգելու եւ խորացնելու երկու հասարակութիւններու միջեւ կայացած կապերը, աւեցնելով  թէ ՝՝Յիսուսի կամքը կատարելով պարտականութիւնն ունինք  մեր միջեւ զարգացնելու՝  աւելի եւս փոխադարձ ճանաչողութիւն  ու արդիւնաբեր համագործակցութիւն։Անցեալի մէջ պատահած  վէճերը  պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին մեր  ժամանակալից միջավայրին լոյսին ներքեւ։

Չեխիոյ Քարոզիչ՝ Ժան Հուսի ողբերգական մահուան օրէն անցան  6 դարեր։

1999 թուականին, Սուրբ  Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, Քարոզիչ Ժան Հուսի նուիրուած   միջազգային համագումարի մը  ընթացքին,  յայտնած է իր խորին վիշտերը քարոզիչին՝ տաժանելի եւ անմարդկային մահուան ի տես եւ զինքը դասեց Եկեղեցւոյ բարենորոգիչներու շարքին։

Սոյն մօտեցումի լոյսին  ներքեւ, հարկ է շարունակել, ուսումնասիրութիւն կատարել  Ժան Հուսի անձին եւ գործունէութեան շուրջ, որ երկարատեւ ժամանակ,  եղած՝ է քրիստոնեաներու միջեւ հակառակորդութեան  պատճառ մինչ՝ այսօր,  ան կը  հանդիսանայ երկխօսութեան առիթ։

Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձ կատարեց ապա Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի Եկեղեցւոյ բարենորոգութեան հայող փաստաթուղթերուն ու  մաղթանք յայտնեց, որ տեղական ժողովրդապետութիւններու եւ հասարակութիւններու միջեւ զարգանան բարեկամական կապերը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ  հոգեպէս կը միանայ Հռոմի մէջ կայացած Չեխ պատուիրակութեան հաշտութեան  ծիսակատարութեան, յայտնելով թէ ''Աստուած՝ որ հարուստ է ողորմածութեամբ, թող մեզի պարգեւէ շնորհքը, գիտակցելու մեր բոլոր մեղքերուն ու մէկը միւսին ներելու''։

Ապահովուելով ներկաներուն դիտաւորութեան Իր աղօթքը, Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց անոնցմէ, որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն  համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.