(Ռատիօ Վատիկան) Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին Յունիս 15-ը Սգոյ օր յայտարարած է` ի յիշատակ Թիֆլիսի մէջ հեղեղումներու հետեւանքով զոհուածներուն: Ջրհեղեղը Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է Շաբաթ լոյս Կիրակի գիշերը, աննախադէպ յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով: Վերջին տուեալներով, 14 մարդ զոհուած է։ Զովուածներու շարքին են երկու հայ կին` Եղիազարովա քոյրերը, 15-20-ն ալ կը համարուին անհետ կորսուած: Ընդհանուր առմամբ տուժած է 266 մարդ, որոնցմէ 37-ը հիւանդանոցներու մէջ են, 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:
Հեղեղը վնասած է մայրաքաղաքի ճանապարհներն ու ենթակառուցուածքները: Ջուրի տակ անցած է նաեւ քաղաքի կենդանաբանական այգին, որուն հետեւանքով կենդանիներու մեծ մասը ազատութեան մէջ յայտնուած է:
Նոյն օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիին` Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղին պատճառած մարդկային զոհերուն համար:
All the contents on this site are copyrighted ©. |