2015-06-15 14:12:00

Սուրբ և Անմահ Պատարագ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Նահատակութեան 100-ամեակին առթիւ


Ուրբաթ 12 Յունիս 2015-ին, յետմիջօրէին, Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի նահատակութեան 100-ամեակին առթիւ, Զմմառու վանքի վարչական խորհուրդի և Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Սուրբ և Անմահ Պատարագ Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցիին մէջ:
Այս առթիւ պատարագեց ու քարոզեց Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:
Այնճարի Հայ կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հ. Մեսրոպ Ծ.Վրդ. Թօփալեան բարի գալուստ մաղթեց և դրուատեց Երանելի Մալոյեանին առաքինութիւնները: Գերապայծառ Մեծաւոր հայրը նոյնպէս իր քարոզին մէջ ներկայացնելով Երանելի Մալոյեանին կեանքը, շեշտը դրաւ նահատակութեան գաղափարին վրայ: Նշեց թէ Մալոյեան իբրեւ ճշմարիտ հոգեւորական մը, հետեւեցաւ նաեւ մեր պատմութեան այն հերոսներու օրինակին, որոնք զոհուեցան քրիստոնեայ կրօնքին և հայրենիքին համար: «Այսօր մենք որպէս քրիստոնեաներ՝ պէտք է նոյնպէս արմատանանք մեր հաւատքին մէջ և ապրինք որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ»:
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցւոյ երգչախումբը:
Ներկայ էին պետական և պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ և հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Սոյն հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Զմմառու Միաբանութեան «Ս. Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան» Դպրեվանքի ուսանողութիւնը: Օրուան ոգեկոչումը փակուեցաւ Ս. Հաղորդութեան երկրպագութեան գեղեցիկ աղօթքներով և Երանելի Մալոյեանին ուղղուած աղօթքով:
Գերապայծառ Հայրը համբուրել տուաւ Զմմառու վանքին մէջ պահուող Երանելիին ձեռաց խաչը, զոր ան Մարտինի իր առաջնորդութեան կարճատեւ տարիներու ընթացքին՝ գործածած էր (1911-1915): Յիշատակելի օրուան աւարտին՝ տօնական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը տեղւոյն ժողովրդապետութեան դահլիճին մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Տիար Կարապետ Բամպուքեան ու այլ հաւատացեալ մը վկայութիւն տուաւ եռամեծար Երանելիին մասին:
Յիշատակութեան արժանի է Մեսրոպ Հայունիի հեղինակած «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին» նոր տաղը, Զահլեցի վաստակաւոր երաժիշտ Վարդան Եղիայեանին եղանակաւորումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.