2015-06-15 12:15:00

Միջազգային դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու համար տասը տարուան ժամանակի կարիքը ունի


Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու ղեկավար Ռէյմոնտ Օտիեռնօ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու համար պէտք պիտի ունենայ տասը տարուան ժամանակի:

«Այս խնդիրներուն լուծման համար թերեւս պահանջուի երեք, հինգ, եօթը, տասը տարի: Կարելի չէ զայն ոչնչացնել մէկ գիշերուան ընթացքին», ընդգծած է զօրավարը:

Ըստ անոր, ահաբեկիչներու ոչնչացման մէջ գլխաւոր դեր պէտք է կատարէ իրաքեան կառավարութիւնը, իսկ իրենք միայն կրնան անոնց օգնել` լուծելու այդ խնդիրը:

Նախապէս Փենթակոնը յայտարարած էր, որ ՏԱՀԵՇ սկիզբը չէր զգուշանար միջազգային դաշինքէն, նոյնիսկ դիրքերը կը նշէր իր դրօշներով, իսկ այժմ փոխած է մարտավարութիւնը, կը պահուըտի բնակչութեան մէջ եւ կ՛օգտագործէ կեղծ նպատակակէտեր, որպէսզի նկատելի չըլլայ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.