2015-06-15 14:49:00

Հաղորդագրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիայի նախագահին շնորհած ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` (15 Յունիս 2015), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Քոլոմպիայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Խուան Մանուել Սանթոս Քալտերոնը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, ի յայտ դրուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Քոլոմպիայի Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, մատնանշելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարին` բնակչութեան մարդկային, ընկերային եւ մշակութային զարգացումի ի նպաստ։

Շօշափուած նիւթերու շարքին էին նաեւ ` Երկրին ազգային հաշտութեան գործընթացը ու այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններու բարդութիւնը ինչպէս նաեւ հեռանկարները որոնք կրնան յանգիլ` խաղաղութեան համաձայնութեան։

Ի վերջոյ տեղի ունեցան տեսակէտերու փոխանակում շրջանի քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակի մասին ու յատուկէն` այն ջանքերուն որոնք կ՛ երաշխաւորեն շրջանի երկիրներուն կայունութիւնը անոնց ներդաշնակ ու հաւասար բարգաւաճումը եւ օրինականութեան մշակոյթի զարգացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.