2015-06-15 09:41:00

''Civiltà Cattolica'' ն կ՛անդրադառնայ Քահանայապետի շրջաբերականի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեաններու միաբանութեան  ''Civiltà Cattolica'' պաշտօնական  պարբերաթերթր իր վերջին թիւին խմբագրականը յատկացուցած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մօտ օրէն հրատարակուելիքշրջաբերական թուղթին` մարդկային բնապահպանութեան նիւթին մասին։

‘’Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ուսուցումը սերտօրէն առընչուած է նախորդ Քահանայապետերու վարդապետութեան հետ։ Ան ամբողջական տեսութիւն ունի, իրեն համար մարդկային էակը, բնութիւնն ու շրջապատը, արարչագործութիւնը եւ ընկերութիւնը իրարու հետ զօդուած են’’ կը կարդանք Civiltà Cattolica-ի վերջին թիւին խմբագրականին մէջ, որ կը խօսի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, 18-Յունիսին, լոյս տեսնելիք շրջաբերական թուղթին։

Պարբերաթերթը կը պարզէ վերջին 50 տարիներու քահանայապետերու կեցուածքը եւ ուղղութիւնները բնապահպանութեան մասին։

ֆրանչիսկոս` Հռոմի Պապը իր  քահանայապետութեան առաջին օրերուն իսկ յայտնեց թէ Հռոմի եպիսկոպոսին պարտականութիւնն է աշխատիլ ‘’համայն արարչագործութեան պահպանումին ի սպաս’’, ներդաշնակութիւն ստեղծելով բոլոր արարածներու միջեւ։

Խմբագիրը դիտել կու տայ որ կարդալով անոր միջամտութիւնները ի յայտ կու գայ որ Քահանայապետը մարդաբանական տեսութիւն մը ունի եւ ոչ մարդակեդրոն, քանի բնապահպանութիւնը կ՛ընդգրկէ բոլոր արարածները` որ Աստուծոյ պարգեւն է ։ Այս լայն տեսութիւնը ուշադիր է ոչ միայն մարդու այլ եւ կապը ստեղծուածներու միջեւ, եւ կը հարցադրէ թէ ի՞նչպիսի անդրադարձ ունի տնտեսութիւնը, նոր արուեստագիտութիւնը եւ ֆինանսական դրութիւնները մարդ էակին ու բնութեան վրայ։

Բնապահպանութիւնը, Քահանայապետի հայեացքով, լոկ տնտեսական հարց մը չէ այլ եւ բարոյական ու մարդաբանական,  եւ պահակի կոչումը չի հայիր միմիայն քրիստոնեաներուն, այլ եւ բոլոր մարդոց։ Եկեղեցին սակայն ‘’կանանչ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն’’ մը չէ, այլ կը հարցադրէ ներկայ աշխարհի յեղաշրջումին մասին, հարց տալով օրինակի համար. Կլիմայական փոփոխութիւնը մարդակեդրոն է, այսինքն մարդն է պատճառը եւ կամ բնութեան պարբերաբար կրկնուող երեւոյթ է։ Կամ թէ երկուքէն կախում ունի։ Միթէ  կարելի է բան մը ընել։

Յիսուսեաններու  պարբերաթերթի համաձայն` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրը, ճանչնալով պատշաճ օրէն գիտութեան տեսակէտը, անոր դրդապատճառներն ու հետեւանքները ու որդեգրելիք հարկաւոր դարմանները։ 

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հիմնուելով քրիստոնէական հաւատքի, Եկեղեցւոյ ուսուցումին ու տրամադրուած լաւագոյն տուեալներու ու խորհուրդներու վրայ կը հաստատէ մեր պարտականութիւնն է տեղեկութիւններ ժողովել ու քննարկել, դատել, որոշումներ առնել ու գործել։ Հուսկ խմբագիրը կ՛եզրափակէ ընդգծելով, որ  շրջաբերական թուղթին նպատակն է ոչ միայն մտային հետազօտութիւն կատարել եւ ոչ ալ իւրացնել այս կամ այն տեսութիւնը, այլ հրաւիրել բարի կամք ունեցող մարդիկը նկատի առնելու  իրենց պատասխանատուութիւնը ապագայ սերունդներուն նկատմամբ ու ատոր համաձայն ներգործել։








All the contents on this site are copyrighted ©.