2015-06-15 12:28:00

«Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլի բացումը։


Յունիս 15-ին, ժ.10:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ ՍՆ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան “Արի տուն” 2015թ. ծրագրի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:

 2015թ. ծրագրի ծիրէն ներս նախատեսուած է մինչեւ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի այց Հայրենիք: Ծրագիրը կ’իրականացուի 8 փուլով`  Յունիս 14-էն Օգոստոս 29-ը: Այս տարի եւս “Արի տուն”-ը կ’ունենայ 4-օրեայ ճամբարային ծրագիր, որ կը կազմակերպուի Ծաղկաձորի մէջ:

Առաջին փուլին կը մասնակցին 58 երիտասարդներ, որոնցմէ 38-ը` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր են, իսկ 20-ը` 13-18 տարեկան պատանիներ ու աղջիկներ ՌԴ-էն, Պելառուսէն, Թուրքմէնստանէն եւ ԱՄՆ-էն:

Մասնակիցներու համար կը ցուցադրուի “Արի տուն” ֆիլմը, իրենց կատարումներով արիտունցիները կ’ողջունեն Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները, “Մանկական եւրատեսիլ 2014” երգի մրցոյթի Հայաստանը ներկայացուցած Պեթթին եւ այլք:








All the contents on this site are copyrighted ©.