2015-06-14 13:17:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 13 յունիսի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Նախքան Մարեմեան աղօթք արտասանելը Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը  կատարեց այսօրուայ  աւետարանական  երկու առակներու  մասին՝  սերմը որ կը ծլի եւ կ՝աճի ու մանանեխի հատիկը ( Մարկոս  4,26–34).

Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ՝՝սոյն առակներու  պատկերացումով  Յիսուս կը ներկայացնէ  Աստուծոյ խօսքին արդիւնաւորութիւնը մեզի ցոյց տալոը մեր յոյսի պատճառները, Անոր Արքայութեան  պահանջքները, որոնք  մեր յոյսի  պատճառներն են ու պատմութեան մէջ մեր յանձնառումը։

Առաջին առակին մէջ ուշագրաւ է սերմը, որ   կը ծլի եւ մինակը  կ՝աճի առանց պարտիզպանի ներկայութեան ։ Պարտիզպանը  վստահութիւն ունի սերմի ներքին  զօրութեան եւ հողին բերրիութեան վրայ։ Աւետարանին մէջ , սերմը խորհրդանիշն  է Աստուծոյ խօսքին։ Ինչպէս խոնարհ սերմը հողին մէջ կը ծլի եւ կ՝աճի, այսպէս ալ  Աստուծոյ Խօսքը կը ներգործէ Իր զօրութեամբ՝ այն  բոլոր սրտերուն մէջ, որոնք կ՝ունկնդրեն  զայն։ Աստուած ՝  Իր խօսքը յանձնեց մեր հողին, այսինքն իւրաքանչիւրիս։ Եթէ մտիկ ընենք Աստուծոյ խօսքին , վստահաբար ան արդիւնաբեր պիտի ըլլայ, որովհետեւ Աստուած Ինքն է զայն աճեցնողը՝ տարբեր  ուղիներու միջոցաւ, որ չենք կրնար  միշտ ստուգել եւ հասկնալ զայն։

Այս բոլորը  կը հասկցնէ  մեզի, թէ Աստուած է միշտ որ կ՝աճեցնէ Իր Արքայութիւնը, մարդ արարածը  լոկ հեզ համագործակից մըն է, որ կը հրճուի Աստուծոյ արարչագործութեամբ եւ համբերատար կը սպասէ անոր պտուղներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադառնալով   մանանեխի հատիկի մասին յարեց.

՝՝Մանանեխի հատիկը  սերմերուն մէջ փոքրագոյնը ըլլալով հանդերձ՝լի է կենսունակութեամբ եւ կ՝աճի մինչեւ որ դառնայ մեծագոյնը՝ բոլոր բանջարներուն մէջ։ Այսպէս է Աստուծոյ Արքայութիւնը հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւեցնելով, թէ ան իրականութիւն մըն է՝  մարդկայնօրէն փոքրիկ եւ երեւութապէս անկարեւոր։ Հոն մտնելու եւ մաս կազմելու համար պէտք է սրտով աղքատներ ըլլանք, չի վստահիլ անձնական կարողութիւններուն վրայ, այլ՝  վստահիլ Աստուծոյ Սիրոյ զօրութեան վրայ։ Այս երկու առակներէն  կարեւոր դաս կը քաղենք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը մեզմէ կը խնդրէ մեր համագործակցութիւնը, որ յատուկէն  Տիրոջ պարգեւն ու ձեռնարկն է։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յարեց. ՝՝մեր տկար գործը երեւութապէս փոքրիկ է՝ աշխարհի բարդ եւ դժուար հարցերուն դիմաց, եթէ  ծլի Աստուծոյ մէջ ան պիտի չի վախնայ դժուարութիւններէն։

Տիրոջ Յաղթանակը ապահով  է.  Անոր սէրը պիտի աճեցնէ հողին մէջ գտնուող  իւրաքանչիւր սերմ։ Ասիկա՝ մեզի  համար վստահութեան  եւ դրականութեան ներշնչում է՝  հակառակ բոլոր ողբերգութիւններուն,  անարդարութիւններուն ու  տառապանքներուն ։ Բարիի եւ խաղաղութեան սեմը կը ծլի եւ կ՝աճի որովհետեւ Աստուծոյ սիրոյ ողորմութիւնն է զայն աճեցնողը։

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ  այսօր նշուող Արեան տուչութեան համաշխարհային օրուան՝ յարելով,  միլիոնաւոր անձեր լռելեան կը նպաստեն դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն ։ Անոնց կը յայտնեմ իմ   գնահատանքս եւ յատուկէն կը հրաւէր կ՝ուղղեմ երիտասարդներուն, որպէսզի հետեւին սոյն բարի օրինակին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  ու ապա յայտնեց, թէ յառաջիկայ  հինգշաբթի օր, լոյս պիտի տեսնէ բնութեան պահպանման ի խնդիր իր Առաքելական շրջաբերական թուղթը, ու ներկաներէն  խնդրեց ,որ այս ուղղութեամբ աղօթեն,  որպէսզի շրջաբերական  թուղթի պատգամը հասանելի ըլլայ բոլորին եւ մեզի յանձնուած՝ Աստուծոյ ՝՝հասարարակաց օճախի ՝՝հանդէպ,  աճի պատասխանատուութեան հոգին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.