2015-06-13 11:37:00

Փատովայի ս. Անտոնի մասունքները աշխարհի երեք ցամաքամասերու մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանսա, Պելկիա, Աւստրալիա, Գանատա եւ ԱՄՆ, այս երկիրներուն մէջ, մինչեւ 14 Յունիս, կը հիւրընկալուին Ս. Անտոն Փատովացիի մասունքները։

Ջերմեռանդական այս ճամբորդութիւնը կը զուգադիպի անոր տօնին օրը` 13 Յունիսին։

Յայտնենք որ Ս. Անտոն Փատովացին կը վայելէ միջազգային ճանաչում ու անոր ջերմեռանդութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի։

Հայ կաթողիկէ բազմաթիւ թեմերու եկեղեցիներու մէջ անոր արձանը զետեղուած է շնորհիւ անոր անունին կապուած եղբայրութիւններու։

Ս. Անտոն Փատովացին ճանչցուած է որպէս պաշտպանը պարզամիտի, տկարի, աղքատի, կնոջ ու մանուկի։ Անոր  բարեխօսութիւնը Աստուծոյ մօտ միշտ լսելի եղած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.