2015-06-13 12:09:00

Տիարպեքիրի Հայկական եկեղեցին արժանացած է «ԵՄ մշակութային ժառանգութեան» մրցանակի


Շաբաթ, 13 յունիսին, Նորվեգիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կայացած է «Եւրոմիութեան մշակութային ժառանգութիւն եւ Europa Nostra» մրցանակաբաշխութեան  հանդիսաւոր արարողութիւնը: Տիարպեքիրի հայկական եկեղեցին արժանացած է «ԵՄ մշակութային ժառանգութեան» մրցանակին: Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցիին շնորհուած է «Մեծ մրցանակ», կը յայտնէ Ermenihaber- ը:

Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած եղած են բազմաթիւ մշակութային նախագիծեր, որոնց ուսումնասիրութիւններուն մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մշակութային ժառանգութեան 600 մասնագէտ եւ բազմաթիւ կամաւորներ: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Օսլոյի քաղաքապետն ու Նորվեգիոյ բնապահպանութեան նախարարը:

Մրցանակաբաշխութեան ընդհանուր առմամբ շնորհուած է 7 «Մեծ մրցանակ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.