2015-06-13 11:57:00

Կարդինալ Փարոլին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ օծեց Եկեղեցի մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Արաբական Էմիրութիւններու Մուսաֆահ շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ կաթողիկէ նոր եկեղեցւոյ մը նուիրուած` Պօղոս առաքեալի, ներկայութեամբ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինի։

Բացման արարողութեան նախօրեակին արտասանած իր խօսքին մէջ մշակոյթի նախարար` Nahyan bin Mubarak  ընդգծեց, որ եկեղեցւոյ մը բացումը կը բացայայտէ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ կրօնական հանդուրժողականութիւնը։ Իսկ կարդինալ Փարոլին մատնանշեց թէ նոր եկեղեցւոյ մը բացումը նշան է տեղական քրիստոնեայ համայնքին կենսունակութեան, իսկ Հարաւային Արաբիոյ Առաքելական փոխանորդ` գերապայծառ  Paul Hinder երախտագիտութիւն յայտնեց այդ երկրին մէջ տիրող կայունութեան ու խաղաղութեան համար։

Յայտնենք որ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ կ՛ապրին 900 հազար կաթողիկէներ, մեծամասնութիւնը բանուորներ, եկած Ասիայէն` Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն ու Հնդկաստանէն։

Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին` նախագահելով նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնն ու անդրանիկ պատարագը,  հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ եւ անցեալի իշխաններու ցուցաբերած բարեացակամութեան,  առատաձեռնութեան ու հիւրընկալութեան եւ հրաւիրեց հաւատացեալները վկայելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը, ապրելով Աւետարանի ոգիին համաձայն ու միշտ պատրաստ ըլլալու եղբայրօգնութեան մէջ։

 

Հայերը Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ.

Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ այժմ կ’ ապրին մօտ 5-6 հազար հայեր։ Հիմնական մասը կ’ապրի Ապու Տապի։ Շատ հայեր գաղթած են այստեղ Սուրիայէն, Լիբանանէն և Արաբական երկիրներէն։ Գաղթականները հիմնականին Հայաստանի Հանրապետութենէն ու Ռուսաստանէն են։ Արաբական Էմիրութիւններու  մէջ ապրող հայերու մեծ մասը կը պատկանին հայ առաքելական եկեղեցւոյ և կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրաւասութեան ներքեւ։ Այնտեղ օծուած է հայկական առաջին եկեղեցին`  նուիրուած Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.