2015-06-12 13:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը քաղաքացիական օդանաւորդութեան Կաթողիկէ մատրանապետերուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 12 յունիսի, կէսօրին, Վատիկանի Քլէմէնթինա սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց քաղաքացիական  օդանաւորդութեան կաթողիկէ մատրանապետերու` Քահանայապետական գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան  խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած  միջազգային գիտաժողովի՝ մասնակիցները։

Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնելով միջազգային գիտաժողովի բնաբանէն՝ որ է ''Evangelii gaudium, Աւետարանի Ուրախութիւն քահանայապետական յորդորագիրը, որքանով  կրնայ նպաստել օդակայաններուն մէջ հովուական խնամակալութեան ծառայութեան  համար''  յարեց, քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջավայրէն ներս՝հովուական խնամակալութեան հոգածութիւնը ուղղուած  է բոլոր անոնց որոնք կը պատկանին  տարբեր քաղաքացիական հասարակութիւններուն ՝անկախ անոնց քաղաքացիական ինքնութենէն ,կրօնային  կամ ալ մշակութային պատկանելիութենէն,  ան՝ յատկապէս ուղղուած է բոլոր աղքատներուն, տառապողներուն եւ մեկուսացեալներուն։

Օդակայանը՝ հանդիպումի վայր է անթիւ անձերուն, որոնք կը ճամբորդեն՝ գործի, զբօսաշրջութեան կամ այլ պահանջներու բերումով, այնտեղէն կ՝անցնին նաեւ գաղթականներ, թափառաշրջիկներ, մանուկներ , երեցնէր, անձեր՝ որոնք կարիքն ունին բուժումի ինչպէս նաեւ յատուկ հոգատարութեան։  

Հոն կան նաեւ աշխատաւորներ,  իրենց ամէնօրեայ  անձնական, արուեստագիտական   մտահոգութիւններով։ 

''Օդակայաններուն մէջ կը գտնենք  անձնագիրէ զուրկ  ճանապարհորդներ, անոնք յաճախ գաղթականներ են, որոնք   օդակայաններու  յատուկ վայրերուն մէջ կարճ ժամանակամիջոցի , երբեմն ալ   երկար ժամանակամիջոցի   համար բանտարկութեան կ՝ենթարկուին՝   զուրկ մարդկային եւ հոգեկան  անհրաժեշտ խնամքներէն։

Այս պարագաներուն մէջ եւս, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, մատրանապետը կանչուած եւ փնտռուած է բոլոր անոնց կողմէ որոնք կարիքն ունին քաջալերանքի եւ անդորրութեան։

 

Օդակայաններուն մէջ , Քրիստոս՝ Բարի Հովիւը կ՝ուզէ խնամք տանիլ իր ոչխարներուն Սուրբ Հաղորդութեան եւ Ապաշխարութեան խորհուրդներով, ուր՝  Աստուծոյ անսահման ողորմածութեան հետ հանդիպումը կը բանայ անթիւ ուղիներ Աւետարանութեան ի սպաս։

 

 

Մեր ժամանակակից օրերուն, հռչակել աւետարանը կը նշանակէ առաջարկել Յիսուսի խօսքը որպէս այլընտրանք՝ աշխարհի խոստումներուն, որոնք չեն տար ճշմարիտ երջանկութիւնը։

Այսօր աւելի եւս անհրաժեշտ դարձաւ վերագտնել  գթած Աստուծոյ դիմագիծը, եւ ասոր համար է որ թանկագին պիտի հանդիսանայ շնորհքի  այն ժամանակը որ մեզի պիտի պարգեւէ  ''Ողորմութեան'' յոբելենական սուրբ տարին

Ինչպէս մեծ քաղաք մը , օդակայանն ալ   բազմացեղային  բազմակրօնային միջավայր մըն է. դուք մատրանապետերդ, մուտք գործած  էք այս յատուկ հասարակութեան մէջ։ Ասոր համար  է, որ շատ կարեւոր է հեզաբար համագործակցիլ եւ ունկդդրել Սուրբ Հոգիի ձայնին,  որ զանազանութեան մէջ կը ստեղծէ միութիւն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Ճառին աւարտին,  կը քաջալերեմ ձեզ աշխատանք տանիլ որպէսզի այս  յատուկ վայրերը, սահմանագիծերը այսինքն օդակայանները  ըլլան վայրեր՝  գտնելու եւ ապրելու համար սէրն ու երկխօսութիւնը, որոնք կը սնանեն եղբայրակցութիւնը անձերուն միջեւ եւ կը  ստեղծեն խաղաղ մթնոլորտ մը։

Շնորհելով   ներկաներուն եւ անոնց հասարակութիւններու վրայ իր  առաքելական օրհնութիւնները,  Ֆրանչիսկոս Պապ Հայցեց՝ Տիրամօր Հովանին եւ խնդրեց ներկաներէն  որ աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.