2015-06-12 10:06:00

''Քաղաքակրթութեան հանդիպում'' Արեւելք- Արեւմուտք երկխօսութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Նախաձեռնութեամբ Sant’Egidio հասարակութեան, անցեալ 9 յունիսին, ֆիրենցէի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելք-Արեւմուտք երկխօսութեան մասին կլոր սեղան մը։

Աշխարհի մը մէջ ուր կը տիրէ փոխադարձ վախը, նախապաշարումն ու բռնութիւնը, հարկաւոր է սկիզբ տալ նոր ընթացքի մը ''Արեւելք-Արեւմուտք'' յարաբերութեան'' այսպէս հաստատեց Sant’Egidio հասարակութեան նախագահը՝ Marco Impagliazzo,  եզրափակելով՝ երկու օր տեւող հաւաքը, որ կայացաւ Իտալիոյ ֆիրենցէ քաղաքին մէջ, եւ որուն նիւթը եղաւ ''Արեւելք-Արեւմուտք քաղաքակրթութեան երկխօսութիւն''։

Աշխատանքներուն մասնակցեցան քրիստոնեայ եւ իսլամ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ''Ալ Ազհար'' համալսարանի  կրօնապետ՝ Ալ Թայէպ եւ Sant’Egidio քրիստոնէական կազմակերպութեան հիմնադիրն ու իտալիոյ նախկին նախարար՝ Andrea Riccardi ինչպէս նաեւ Իտալիոյ երբեմնի վարչապետ՝ Romano Prodi։

 Երկխօսութիւնը եղաւ  անկեղծ... ինչպէս ըսաւ Ալ Թայէպ ''իմաստուններու միջեւ հանդիպումը պէտք չէ վախ պատճառէ։ Պէտք ենք աշխատիլ նոր աշխարհի մը ստեղծումին համար, հաստատել նոր վստահութիւն . վստահութիւն մը որ անցեալի մէջ գոյութիւն չէ ունեցած, սակայն այսօր շնորհիւ ֆիրենցէի  հաւաքին կարելի է յուսալ''։

Կլոր սեղանին մեծ նիւթեր շօշափուեցան, ինչպէս. ''Դաստիարակութիւն եւ նոր սերունդը . Ընկերութիւններու մարդկայնացումը նոյնիսկ իրաւական գետնի վրայ որպէս օրինակ Եւրոպայի մէջ մահավճիռի ջնջումը''։

Հաւաքը եզրափակելով  նախագահ Impagliazzo ըսաւ . ''հարկաւոր է շարունակել քաղաքակրթութեան  հանդիպումները, որ մեծապէս կը նպաստեն երկխօսութեան եւ  խաղաղութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.