2015-06-12 09:36:00

Տիրամայր Հայաստանի ''Անի Պեզիքեան'' երիտասարդական կեդրոնի բացում։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ 13 Յունիս 2015-ին ժամը 13-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Տիրամայր Հայաստանի ''Անի Պեզիքեան'' երիտասարդական կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը որուն ապա կը յաջորդէ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ։ Մինչ երեկոյեան ժամը 6-ին, նախատեսուած է համերգ մը ի պատիւ վերոնշեալ կենդրոնի բարերարներ Ալէքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, կատարողութեամբ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբին։

Վերոնշեալ կեդրոնը պիտի ծառայէ որպէս վայր` յատկացուած երիտասարդութեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հովանաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.