2015-06-12 09:56:00

Սրբազան Պապին շնորհիւ աղքատներու խումբ մը այցելեց Քրիստոսի Վարշամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Աւելի քան 60 ընչազուրկներ, անցեալ երկուշաբթի` 8 յունիսին, դէպի Թորինօ քաղաք մեկնեցան ուխտագնացութիւն կատարելու Քրիստոսի վարշամակին։ Զանոնք ճամբեց Վատիկանի բարեսիրական կեդրոնի առաջնորդը ու Սրբազան Քահանայապետի ողորմնաբաշխ` գերապայծառ Քրայեվսքի։

Ուխտագնացութեան նախաձեռնողն էր Հռոմի Սան Ուսթաքիօ ժողովրդապետութեան հովիւը, որ ամէն օր 140-150 աղքատներուն ճաշ կը բաշխէ։ Զանոնք դիտելով ժողովրդապետը յայտնեց թէ ''այս աղքատները կը ցոլացնեն տառապող Քրիստոսի դիմագիծը''։

Գերապայծառ Krajewski իմանալով  ծրագիրին լուրը անմիջապէս յանձն առաւ,  յանուն Սրբազան Քահանայապետին, հոգալ ճամբորդութեան ծախսերը։ Թորինոյի առաջնորդը իր կարգին յանձն առաւ  այս յատուկ ուխտաւորներու հիւրընկալութիւնը։

Այդ աղքատներու շարքին կան նաեւ այլ կրօններու պատկան մարդիկ, ու նաեւ մահմետականներ։ Յայտնենք թէ այս երկրորդ խումբն է որ կարելիութիւն կ՛ունենայ ուխտագնացութիւնկատարել Թորինօ Քահանայապետի հովանաւորութեամբ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.