2015-06-12 10:30:00

Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդին մասնակցութիւնը ''ՌՈԱՔՕ''-ի լիանսիտ գումարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութիւն ''ՌՈԱՔՕ'' բարեսիրական հաստատութիւնը, Վատիկանի մէջ կը գումարէ իր 88-րդ լիանիստ հաւաքը` 15-էն 17 յունիս 2015-ին։

Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ` երկուշաբթի 15 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապին ՌՈԱՔՕ-ի ներկայացուցիչներուն շնորհած ունկնդրութեամբ։ 

Նիստերու ընթացքին ժողովականները պիտի քննարկեն` Սուրիոյ, Իրաքի, Հայաստանի, Եթովպիայի, Էրիթրէայի եւ Սուրբ Երկրի եկեղեցիներուն հայող ֆինանսաւորումներու հարցեր։

Նիստերու ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց` Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր, Դամասկոսի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Զէնարի, ''Քոր Ունում'' բարեսիրական հաստատութեան քարտուղար` գերապայծառ Ճամփիեթրօ Թոզօ։

Երեքշաբթի` 16 յունիսին Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի` Արեւելեան Եկեղեցիներու Համաժողովի կառավարիչը կը նախագահէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին, յատուկ աղօթք պիտի կատարուի Միջին Արեւելքի եւ Ուկրանիոյ խաղաղութեան ի նպաստ, ինչպէս նաեւ ՌՈԱՔՕ-ի բարերարներու դիտաւորութեան։

Հուսկ` Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առթիւ, յատուկ նիստ մը պիտի յատկացուի Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի­, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդը` Արհ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանը։ Այլ նիստեր պիտի յատկացուին նաեւ Եթովպիայի եւ Էրիթրէայի եկեղեցիներուն ու պիտի քննարկուի Սուրբ Երկրի եկեղեցական կառոյցներու իրավիճակը։ 

ՌՈԱՔՕ-ի 88-րդ լիանիստ ժողովը, որուն նպատակն է ի յայտ դնել աւետարանութեան ու բարեգործութեան կարեւորութիւնը վերջ կը գտնէ 17 յունիսին։

Յայտնենք թէ ՌՈԱՔՕ-ն կը համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող բարեսիրական հաստատութիւններ­, որոնք յանձնառու են աջակցելու եւ ֆինանսական օժանդակութիւն յատկացնելու Արեւելեան Եկեղեցիներու տարբեր եւ զանազան ասպարէզներու հայող ձեռնարկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.