2015-06-12 10:35:00

Եօթներու խմբակի անդամները կրնան յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ


Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Ճէյք Լիու յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եօթներու խմբակի իր դաշնակիցները պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանելու:

Ուքրանիոյ վարչապետ Արսենի Եացենեուքի հետ հանդիպումի մը ընթացքին Լիու ըսած է. «Միացեալ Նահանգներն ու Եօթներու խմբակի մեր դաշնակիցները պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանելու Ռուսիոյ դէմ, որպէսզի պատասխանեն Ուքրանիոյ արեւմուտքին մէջ այդ երկրին կողմէ գործադրուող յարձակումին»:

Ան նաեւ անդրադարձած է Ուքրանիոյ տնտեսութիւնը վերականգնելու հարցին` նկատելով, որ «յանուն այդ նպատակին բոլոր կողմերը` ե՛ւ վարկատուները, ե՛ւ վարկառուն պէտք է պատրաստ ըլլան զոհաբերութիւններու»:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Եացենեուք Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է. «Մենք կը խնդրենք մեզի պաշտպանողական զէնք տալ` ռուսական բանակը զսպելու համար: Ուքրանիան միակ երկիրն է, որ կը կռուի ռուսական կանոնաւոր բանակին դէմ», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներն են` Միացեալ Նահանգները, Ճափոնը, Գերմանիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Բրիտանիան եւ Քանատան:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն հաստատեց Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ Եօթներու խմբակին մէջ անոնց գործընկերներուն մտադրութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.