2015-06-12 09:45:00

«Եկեղեցիներու դէմ յարձակում գործողները չեն ներկայացներ Իսլամները» կ՛ըսէ Ազհարի շէյխը


Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայէպ Լոնտոնի մէջ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի վայրերու դէմ յարձակում գործողները ահաբեկիչներ են: Անոնք Եգիպտոսի իսլամները չեն ներկայացներ»:

Ան շեշտեց. «Ազհարը միշտ ալ աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու ընկերային անդորրութեան հասնելու համար երկխօսութիւնը կը դարձնէ իր հիմնական նպատակը»` աւելցնելով. «Քորանը մարդիկ իրարու հաւասար կը նկատէ եւ ներողամտութեան ու գթարատութեան հրաւէր կ՛ուղղէ: Կրօնները երկինքէն իջան մարդոց բարիք ու խաղաղութիւն ապահովելու եւ զանոնք խաւարէն ազատելու համար»:

«Մենք ծանօթ ենք երկխօսութեան հարցին մէջ Անգլիոյ եկեղեցւոյ ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու եւ կրօններու մերձեցման համար առած գործնական քայլերուն», ըսաւ Ազհարի շէյխը:

Շէյխ Թայէպ նշեց. «Իսլամներուն եւ ղպտիներուն միջեւ յարաբերութիւններուն հարցով Եգիպտոսի մէջ իրականութեան չհամապատասխանող գաղափարներ գոյութիւն ունին»` ընդգծելով. «Եգիպտոսի մէջ իսլամներն ու քրիստոնեաները 14 դարէ ի վեր միասնաբար կ՛ապրին խաղաղութեամբ: Պատմութեան մէջ երկու կողմերուն միջեւ զինեալ բախում մը չէ արձանագրուած»:

«Լրատուամիջոցները հարցերուն ահաւորութեան կերպարանք կու տան եւ զանոնք կը ներկայացնեն իբրեւ իսլամներուն ու քրիստոնեաներուն միջեւ տագնապ` հարցը ներկայացնելով կրօնական տագնապի պարունակին մէջ», նշեց Ազհարի շէյխը:








All the contents on this site are copyrighted ©.