2015-06-12 13:22:00

2015 տարին կրօնաւորական կեանքի տարի


Նախորդ հաղորդումին մէջ խօսուեցանք Կրօնաւորին ազատութեան մասին, որով տեսանք թէ ինչպէս կապուած է երեք մասնաւոր պարտաւորութիւններով. նախ կուսութեան օրէնքով: Այս պարտաւորութիւնը կ՛ենթադրէ անջատում ու հեռացում ամէն ինչէ որ կրնայ արտաւորել սրտին ներքին մաքրութիւնը եւ կամ հեռացնել իր սիրտը Յիսուսի սրտէն: Ապա աղքատութեան հոգիին մասին: Կրօնաւորը ապրելու է աղքատութեան հոգիով իր  Աստուածային Վարդապետին պէս: Իսկ երրորդ պարտաւորութիւնը հնազանդութեան ուխտն է: Հնազանդութիւնը իր օրէնքն ունի եկեղեցւոյ կանոններուն մէջ, բայց անոր մղիչ ուժը սէրն է` Յիսուսի  եւ հոգիներու, եւ անոր պարտաւորութիւնը առաջ կու գայ Խոստումէն:

Սակայն ի վերջոյ ըսինք թէ այս երեք պարտքերէն զատ, կայ ուրիշ օրէնք մը եւ պարտաւորութիւն մը որ կը զօդէ Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն անդամները եւ մանաւանդ գլխաւոր անդամները, այսինքն քահանաները եւ կրօնաւորները: Այս օրէնքը կը կոչուի «ազատութեան օրէնք»: Ինչի՞ մէջ կը կայանայ ազատութեան օրէնքը:

Ազատութեան օրէնքը, այն օրէնքն է զոր Աստուած գրած է մեր սրտին վրայ, մեր վերածնունդին օրը: Մեր առաջին ծնունդով, մենք աշխարհ մտանք կապուած մեղքի եւ մահուան շղթաներով: Մեր մկրտութեան խերածնունդով, ստացանք Ս. Հոգիէն հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ առաքինութիւնները: Մկրտութեան վերածնունդով մենք եղանք Աստուծոյ որդիներդ: Սուրբ հոգիի հեղումով մեր կամքը աւելի քան երբեք զօրացաւ կատարելու համար Աստուծոյ կամքը: Մկրտութեամբ մենք կը մտնենք Աստուծոյ որդիներու ազատութեան մէջ: Այս ազատութիւնն է որ Սուրբ Պօղոս կը նկարագրէ հետեւեալ խօսքերով. « Այլեւս ոչ մէկ դատապարտութիւն չկայ անոնց համար, որոնք Քրիստոսի -Յիսուսի մէջ են, ու չեն քալեր մարմնի օրէնքով. որովհետեւ Քրիստոս Յիսուսով կենսատու հոգիի օրէնքը զիս փրկեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն»:

Ուստի Աստուծոյ ծառայելը եւ անոր կամքը կատարելը ազատութեան կատարելութիւնն է: Ուր Աստուծոյ հոգին կայ, հոն ազատութիւնն է կ՛ըսէ սուրբ Պօղոս: Ուր որ է Աստուծոյ հոգին, հոն է ազատութիւնը, որովհետեւ Աստուծոյ հոգին սէր է, եւ ուր որ սէրն է` հոն ազատութիւնն է: Հոն ուր սէր չկայ, չի կրնար ազատութիւն ըլլալ: Ուր չի թագաւորեր Աստուծոյ սէրը, կը թագաւորէ, կը թագաւորէ արարածին սէրը, եւ սէրը անձին: Սիրէ եւ ըրէ ինչ որ կ՛ուզես, կ՛ըսէ սուրբ Օգոստինոս: Որովհետեւ մեր կամքը երբ կոտրէ իր շղթաները, Աստուծոյ կամքին հետ կը նոյնանայ:

Երանի այն հոգեւորականին, որ իր Վարդապետին կը զոհէ իր ամբողջ ազատութիւնը եւ ունի վեհանձն հոգի մը, որ գիտէ սանձել իր ազատութիւնը, աշխարհի հետ ունեցած իր բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ:

Իւրաքանչիւր հոգեւորական ուրի երեք առաքելութիւններ, որոնք կը փխին ազատութենէն:

Ա. զԱստուած լաւ ճանչնալ,

Բ. Սիրել զինք եւ ծառայել իրեն:

Գ. Ինքիրեն ծառայել եւ ծառայութիւն մատուցանել ընկերոջ:

այս երեքը` երեք տարբեր առաքելութիւններ չեն, այլ միեւնոյն իրագործումն է իրականութեան մէջ. Որով Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ ընկերոջ ծառայել. Իսկ ընկերոջ ծառայել` կը նշանակէ ինք իր անձին երջանկութեան համար աշխատիլ, թէ՛ այս աշխարհի վրայ եւ թէ՛ անդենականին մէջ. Իսկ մարդ ինքիր անձին երջանկութիւնը կը գտնէ Աստուծոյ ծառայելով եւ իր ընկերոջ երջանկութեան ու բարիքին օգտակար դառնալով:  








All the contents on this site are copyrighted ©.