2015-06-11 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 10 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 6.15-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատի մատենադարանին մէջ ընդունեց Ռուսիոյ դաշնակցութեան նախագահ` Վլատիմիր Փութինը։

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի  փոխանցած  տեղեկութիւններու համաձայն  հանդիպումը տեւած է շուրջ 50 վայրկեան, որուն ընթացքին  քննարկուած են  Ուքրանիոյ  տագնապին ու Միջին Արեւելքի ներկայ ողբերգական կացութեան մասին հայող հարցեր։

Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ հարցին, Սրբազան Հայրը հաստատած է թէ հարկ է լուրջ եւ անկեղծ աշխատանք տանիլ եւ ջանք չի խնայել խաղաղութեան կառուցումին ի սպաս։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Հայրն ու Ռուսիոյ Նախագահը համամիտ գտնուած են կողմերու միջեւ երկխօսութեան մթնոլորտի ստեղծումին ու ապա Մինսքի  ամաձայնագիրի գործադրումին։ Էական  նկատած են ապա աշխատանք տանիլ դիմագրաւելու համար մարդկային դժնդակ կացութիւնը, ապահովելով մարդասիրական  օգնութիւններու մուտքը  բախումներու շրջաններէն ներս։

Ինչ կը հայի ապա Միջին արեւելքի  մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ իրաքի մէջ, վերահաստատուեցաւ հարկաւորութիւնը  շարունակելու հետապնդել խաղաղութիւնը միջազգային ընտանիքի շօշափելի օժանդակութեամբ,  միաժամանակ՝ ապահովելով  կեանքի անհրաժեշտ պայմաններ` ընկերային  բոլոր խաւերուն  ի սպաս, ներառեալ  կրօնական փոքրամասնութիւններն ու քրիստոնեաները։

Հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Ռուսիոյ դաշնակցութեան  նախագահի միջեւ տեղի ունեցած է  նուէրներու փոխանակում։

Նշենք թէ, Ֆրանչիսկոս Պապի եւ  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կայացած հանդիպումի ընթացքին,  միաժամանակ  տեղի ունեցաւ հանդիպում Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար`  Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի եւ  Դաշնային Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովին  միջեւ, որուն ընթացքին քննարկուեցան գլխաւորաբար Ուքրանիոյ տագնապին ու Միջին Արեւքի մտահոգիչ կացութեան մասին նիւթեր։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.