2015-06-11 14:45:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք Յիսուսի հրաշքներու մասին, կը գովաբանենք աստուածային զօրութիւնը եւ բարութիւնը՝ կատարուած հրաշքներուն համար։ Յիսուս կը բազմաթիւ հրաշքներ կատարած է, որոնց կարգին՝ զանազան հիւանդներու բուժում եւ մեռեալներու յարուցում։ Աւետարանի պատմուածքներով չի վերջանար աստուածային յայտնութիւնը եւ աստուծային զօրութեան ներգործութիւնը մարդկային կեանքէն ներս։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագրքի 43րդ գլխուն մէջ կը դիմէ Յիսուսի, որ բուժում կը շնորհէ, սակայն՝ ոչ մարդկային բժիշկներու նման։

 
Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերով՝
“Բժշկական Արուեստին հմուտ
Եւ խիստ փորձառու հնարագիտութեամբ՝
Անախտ կեանքի պատճառը դո´ւն ես, Տէ´ր Յիսուս Քրիստոս,
Աստուած՝ իմանալի եւ տեսանելի համայն գոյութիւններու։
Ահա դուն մէջս ես՝ մարգարէին խօսքին համաձայն՝  նոր կցորդութեամբ։
Ուստի եւ ես ալ քեզ հետ միութեան այս բարեզարդ դաշինքին շնորհիւ՝
Թող լուսաւորուիմ, կրկին ողջացած՝ շունչով ու մարմնով,
Բացարձակ կարող եւ անպարտելի։”
 

Յիսուս «պատճառն է անախտ կեանքի»։ Եթէ քրիստոնեայ հաւատացեալը իր կեանքի ճանապարհը կը կտրէ Յիսուսի հետ՝ անոր կեանքը կը մնայ առանց ախտերու, որ վերջիվերջոյ կը տանին դէպի հեռացում Աստուծմէ, դէպի կործանում եւ դէպի մահ։

Յիսուս «մեր մէջ կ’ապրի»։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը՝ մկրտութեան խորհուրդով արդէն կը պատկանի Յիսուսի եւ «տաճար է Սուրբ Հոգիին»։ Քրիստոս իր բնակութիւնը կը հաստատէ հաւատացեալի սրտին մէջ՝ շնորհելով անոր կեանք եւ յարութիւն։ Արդիւնքը՝ ըստ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի՝ «լուսաւորեցայց՝ կրկին ողջացեալ շնչով եւ մարմնով, ամենայնիւ կարող եւ անվանելի»։ Ոչ միայն հոգին, այլ եւ մարմինը կը լուսաւորուի, կը դառնայ կարող, անպարտելի։ Սակայն հարց կու տանք՝ «ուրեմն ինչո՞ւ հիւանդութիւն եւ տառապանք հաւատացեալ անձին»։ «Ողջացեալ շունչով եւ մարմնով» ուրեմն անպայմանօրէն հիւանդութեան բացակայութիւնը չէ, այլ անհատին տոկունութիւնը, հարատեւութիւնը, համբերութիւնը եւ յոյսը։

Յիսուսի շնորհած բուժումը՝ մարդկային բժիշկներու կատարած բուժումը չէ։ Յիսուս կարիքը չունի ոչ սպեղանիի, ոչ ժամանակի, ոչ միջնորդի եւ ձգձգումներու։ Ինքն է բժշկութիւն, առաւել եւս ինքն է կեանք։

 
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը շարունակէ՝
“Դու չես կարօտիր սպեղանիի՝
Պատրաստելու համար պատատներ հոգւոյս վէրքերուն,
Ո´չ ժամանակի եւ ո´չ միջնորդի, եւ ո´չ օրէ օր ձգձգումներու,
Ո´չ փոփոխական դեղատւութիւններու,
Ո´չ հատումի, ո´չ խարումի, ո´չ նշտրակումի՝
Նման երկրաւոր դարմանումներու՝
Որոնք ենթակայ են միշտ վրիպումի եւ ամենասխալ վարանումներու։
Սակայն քեզի՝ որ արարիչն ես հոգիներուն եւ մարմիններուն՝
Ամէն բան պայծառ է լոյսի նման, ամէն ինչ յայտնի,
Անէն ինչ գրուած, ամէն բան դիւրին, ամէն բան հնարաւոր։
Խորհուրդդ է գլխաւորուած, խոստումդ լեցուած, կամքդ կատարուած։
Քու կտակդ՝ աւետարան է, քու վճիռդ ազատութիւն, մատեանդ է շնորհ։
Օրէնքին կապանքներուն տակ չես,
Ո´չ ալ խոնարհած ես հնազանդութեամբ։
Չես պարագրուած դու փոքրկութեամբ, ո´չ ալ չափուած ես սահմաններով։
Չես վրիպած բարկութենէ, ո´չ ալ այլայլած ես՝ զայրոյթէ,
Ո´չ սխալած ես խստութենէ, ո´չ ալ վրդովուած ես խռովութենէ,
Ո´չ դղրդուած ես անգիտութենէ, ո´չ ալ փոփոխուած՝ ողորմութենէ,
Ո´չ իջած ես բարձրութենէ, ո´չ ալ թուլցած այցելութենէ,
Եւ ո´չ տկարացած ես փրկութենէ։
Դուն սկիզբն ու լրումն ես ամէն բանի, եւ ամէն բան քեզմէ կը բխի։
Ուստի եւ փառք քեզ, երկրպագութիւն՝ յաւիտեանս. Ամէն։
 








All the contents on this site are copyrighted ©.