2015-06-11 13:32:00

Ս. Աթոռի եւ ԱՄՆի միջեւ համաձայնագիր՝ տուրքերու տեղեկութիւններու փոխանակում։


(Ռատիօ Վատիկան)  Առաքելական Աթոռը եւ ԱՄՆը բարեկամութեան ու համագործակցութեան իրենց կապերը աւելի ամրապնդեցին, կը գրէ գերապայծառ  Gallagher, Ս. Աթոռի արտգործ նախարարը , Օսսերվաթորէ Ռոմանօ`Վատիկանի օրաթերթին մէջ։ Համաձայնագիրը, առաջինը իր տեսակին մէջ, երկու պետութիւններու միջեւ, ունի որպէս նպատակ դիւրացնել հաշիւ ունեցող ամերիկացիներուն տուրքերու գործադրումի քննութիւնը։ Հետեւաբար կը գրէ Վատիկանի դիւանագէտը այդ համաձայնագրով  ի յայտ կը դրուի Առաքելական Աթոռի յանձնառումը ու կամքը յարգելու տնտեսական ու ֆինանսական միջազգային օրէնքը ու ամրացնելու միջազգային համագործակցութիւնը։ Նշենք որ Առաքելական Աթոռը, մէկ Ապրիլ 2015-ին, կնքեց նման համաձայնագիր մը Իտալիոյ հետ։

Յայտնենք նաեւ որ Ս. Աթոռը 7 Մայիս 2013-ին  դրամի լուացումի դէմ, միջազգային ֆինանսական իշխանութեան հետ  ստորագրեց համաձայնագիր մը հայող՝ ֆինանսական տեղեկութիւններու փոխանակումին։ Մաղթանքս է, կ’եզրափակէ Ս. Աթոռի դիւանագէտ` գերապայծառ Gallagher, որ այս համաձայնութիւնը ծառայէ ոչ միայն աւելի ամրապնդելու  բարի կապերը Ս. Աթոռի եւ ԱՄՆի միջեւ այլ եւ ըլլայ արդարամտութեան ու թափանցիկութեան օրինակ` տնտեսական ու ֆինանսական ասպարէզներէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.