2015-06-11 09:10:00

Պոլսոյ մէջ Յունական եկեղեցւոյ վրայ յարձակած եւ դուռը հրկիզած են


Պոլսոյ Քատըքէօյ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ  յարձակում կատարուած է: Յոյն ուղղափառ համայնքի եկեղեցական դպրոցներու եւ գերեզմանոցի հիմնադրամի ղեկավար փրոֆեսէօր Եորկօ Իսթեֆանոպոլուսը հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ բողոք ներկայացուցած են յարձակում իրականացուցած անձին դէմ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Մանրամասնութիւններ ներկայացնելով յարձակման մասին` Իսթեֆանոպոլուս յայտնած է, որ յարձակում իրականացնող անձը «Ալլահ ու աքպար» գոռալով, ձեռքի վառելիքը լեցուցած է եկեղեցւոյ դուռին վրայ եւ այրած: Յարձակողը բռնած են եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող մարդիկ: Իսթեֆանոպոլուս տեղեկացուցած է, որ ականատեսներու պատմածներուն համաձայն, եղած է եւս անձ մը, որ կը սպասէր յարձակողին:

Յոյն համայնքի ներկայացուցիչը այս հարցով քննադատութեան ենթարկած է քաղաքական գործիչները: Համայնքի ներկայացուցիչը նշած է, որ հասարակութեան մէջ պէտք է խթանուի փոքրամասնութիւններու` հաւասար քաղաքացիութիւն ունենալու գիտակցութիւնը, եւ այս հարցով մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն քաղաքական գործիչները:

«Երբ երկրին վարչապետը (նկատի ունի ներկայիս նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը) պատկերասփիւռէն «կը ներէք արտայայտութեանս համար` հայ, կը ներէք` յոյն» խօսքերը կը հնչեցնէ, ի հարկէ ժողովուրդն ալ այսպէս պիտի մտածէ: Քըլըճտարօղլուն ալ (գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար) դատի կու տայ իրեն հայ անուանողները` վերջիններուն խօսքերը որակելով «կեղտոտ զրպարտանք»: Քաղաքական կուսակցութեանց առաջնորդները մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն», շեշտած է Իսթեֆանոպոլուս:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.