2015-06-11 14:12:00

Լաթուիայի եկեղեցին – տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Լաթուիայի Պետական կարգը ունի 64,600 քմ քառակուսի Տարածքը եւ 2,3 մլն բնակչութիւնը։ Լաթուիացիներու մեծամասնութիւնը բողոքական են աւետարանական-լիւթերականն, մինչ կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 20 տոկոսը աւելի քան 407.000, օրթոտոքսները (մեծամասնութեամբ ռուսեր 15տոկոսը)։

Լաթուիայի Եկեղեցւոյ կառոյցը։

Լաթուիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 1997-ին, անոր  նախագահն է գերապայծառ  Jānis BULIS։ Եկեղեցին ունի արքեպիսկոպոսական թեմ ու երեք ենաթաթեմեր եւ 266 ժողովրդապետութիւններ, որոնց մէջ իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն 162 քահանաներ։

Լաթուիայի Եկեղեցի յետ համայնավարութեան փլուզումին

Քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Լաթուիա` 13-րդ դարուն գերմանացի հայրերու միջոցաւ։ 16-րդ դարուն մաս կազմեց բողոքական եկեղեցւոյ։ Ցարերու ու մասնաւորապէս սովետական միութեան գերիշխանութեան ընթացքին ապրեցաւ հալածանքի շրջան մը։ Համայնավար վարչութեան ընթացքին քահանաներու 40 տոկոսը սպաննուեցաւ կամ աքսորի ենթարկուեցաւ։ Ս. Աթոռի հետ 1922-ին ունեցած դիւանագիտական կապերը խզուեցան։ 

Սովետական Միութենէն իր անկախութիւնը վերագտնելէ ետք` Լաթուիայի դիւանագիտական կապերը վերահաստատեց Ս. Աթոռին հետ 2000-ին, ու Եկեղեցւոյ երաշխաւորուեցաւ իրաւունք` զբաղելու հոգ հոգւոցով  ու հաստատուեցաւ զինուորական առաջնորդութիւն մը։

Հակառակ համայնավարութեան հալածանքին, կաթողիկէ համայնքի թիւը նուազում չարձանագրեց։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Հռոմի Պապի այցելութիւնը 1993ին նոր թափ մը տուաւ եկեղեցւոյ։  Արդարեւ երկրին մէջ բազմաթիւ են եկեղեցական շարժումները եւ ժողովրդական բարեպաշտութիւնը ողջ ու կենսունակ է։

15 Օգոստոսին` տօն Վերափոխման ս. Աստուածածնայ, ամեն տարիքէ բազմաթիւ հաւատացեալներ ոտքով կ՛ուղղուին Ակլոնա մարեմեան սրբավայրը։ Նոյնպէս Skaistkalne e Sarkani կարեւոր մարեմեան ուխտավայրեր են։ Լաթուիայի Եկեղեցին քրիստոնէական արժէքները վերահաստատելու համար մեծ ոյժ կու տայ դաստիարակութեան եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն։

Կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներու բարի յարաբերութիւնները ու օրինակելի համագործակցութիւնը կը զօրացնէ աւետարանական վկայութիւնը ընկերութեան մը մէջ որ տակաւին սուղ կը վճարէ անցեալի աստուածամերժութիւնը ու նիւթապաշտութիւնը։

Ռիկայի մէջ եւ այլ քաղաքներու մէջ, ամէն տարի, երկու եկեղեցիները Աւագ Ուրբաթ օրը միասնաբար կը կատարեն ճանապարհ խաչի բարեպաշտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.