2015-06-10 09:37:00

Քաղաքացիական օդանաւորդութեան Կաթողիկէ մատրանապետերու 26-րդ միջազգային գիտաժողով


(Ռատիօ Վատիկան) 10-13 յունիս, Հռոմի մէջ տեղի կ՝ունենայ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան Կաթողիկէ մատրանապետերու 26-րդ միջազգային գիտաժողովը, կազմակերպութեամբ Քահանայապետական  գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու   հովուական խնամակալութեան   խորհուրդին։

Համագումարին ՝  աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած 90-է  աւելի մատրանապետեր պիտի շօշափեն թէ որքանով ''Evangelii gaudium – Աւետարանի ուրախութիւն'' քահանայապետական յորդորագիրը  կը նպաստէ քաղաքացիական օդանաւորդութեան հովուական ծառայութեան` նիւթը։

Գիտաժողովի բացումը կը կատարուի չորեքշաբթի, 10 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 4.00-ին, վերոնշեալ քահանաայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոյի  բացման խօսքով, որուն ընթացքին ծիրանաւորը կը հրաւիրէ համագումարին մասնակիցները, օդակայաններու մէջ  իրենց յատուկ առաքելութիւնը ապրիլ՝ աւետարանէն բխած ուրախութեամբ, ինչպէս  նաեւ  շեշտը դնել մարդկային իրաւունքներուն վրայ։

Նշենք, թէ ուրբաթ 12 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ  գիտաժողովի մասնակիցներուն։ Գիտաժողովը կ՛եզրափակուի  շաբաթ, 13 յունիսին, Ասիզիի սրբավայրի կատարուած ուխտագնացութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.