2015-06-10 09:25:00

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան տարեկան տեղեկագիրը:


(Ռատիօ Վատիկան)  Տառապող եկեղեցւոյ ի սպաս քահանայապետական հիմնադրամը` 2014-ին կարողացած է հաւաքել աւելի քան 105 միլիոն եւրօ։

Հիմնադրամի պատմութեան առաջին անգամն է որ  ան կը կարողանայ այսքան մեծ գումար  հաւաքել։

Բաղդատմամբ 2013-ին` հիմնադրամը կարողացած է  աւելի քան 17 միլիոն եւրօ ժողովել շնորհիւ   600 հազար բարերարներու առատաձեռնութեան։ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը կարողացած է ֆինանսաւորել 5.614 ծրագիրներ, 145 երկիրներու մէջ։ Ան Երաշխաւորած է աւելի քան 9669 ժառանգաւորներու  դասաւանդումը եւ օգնութեան հասած է 9790 կրօնաւորուհիներու ու բազմաթիւ քահանաներուն բաշխած  է` 1.219.063 պատարագի դիտաւորութիւններ։

Միջին Արեւելքի պատերազմի հետեւանքով  ու գաղթականներու եւ արտահանուած ընտանիքներու թիւին յաւելումով, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւնը հաստատութիւնը 2014-ին կառուցած է 1508 եկեղեցական կեդրոններ` եկեղեցի, դպրեվանք, ծխական կեդրոն, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներ տրամադրած է կղերին անոր առաքելութեան վերաբերող  տեղափոխումները ապահովելու համար։ Հիմնադրամը տուած է 488 ինքնաշարժ, եւ 320 մոթոր-հեծանիւներ։ Նոյնպէս երաշխաւորած է տպագրութիւնը մէկ միլիոն 400 հազար եկեղեցական բնագիրներու ներառեալ կրօնագիրք ու ս. Գիրք։ 1979էն այսօր` տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւնը  տպագրած է ''մանուկներու ս. Գիրքը'' 52  միլիոն օրինակներով եւ 178 տարբեր լեզուներով։

Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ գաղթականներուն որպէս օգնութիւն տրամադրած է 12 միլիոն եւրօ։ Մինչ մէկ միլիոն 900 հազար եւրօ տրամադրած է Ֆիլիփինեան կղզեխումբի  Հայեան մրրիկի զոհերուն։ Հնդկաստանը սակայն կը հանդիսանայ ամենէն աւելի օգնութիւն ընդունած երկիրը որուն տրամադրուած է աւելի քան հինգ միլիոն եւրօ։ Ափրիկեան ցամաքամասը նոյնպէս մեծ օգնութիւններ ընդունած է։ Հարկ է ընդգծել որ Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ մեծ աճում արձանագրէ ու միաժամանակ թիրախ է ծայրայեղ մահմետականներուն։

Արեւելեան Եւրոպայի մէջ,  Տառապող եկեղեցին կը գործէ 50-ական տարիներէն ի վեր։ 2014-ին ամնէն աւելի օգնութիւն ստացաւ Ուկրանիան` շուրջ 5.200 հազար եւրօ։ Պալքանեան երկիրներուն մէջ Տառապող եկեղեցին կէս միլիոն եւրօ տրամադրած է  Յովհաննէս Պօղոս Բ  կոչուած երիտասարդական կեդրոնին շինութեան համար, որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարողացաւ այցելել Սարայեւօ կատարած այցելութեան ընթացքին` 6 Յունիս 2015-ին։ Կեդրոնը պիտի սատարէ երկրի հաշտութեան ու խաղաղութեան իրականացումին։

Յայտնենք որ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւնը բարեսիրական հաստատութիւնը  քահանայապետական  հիմնարկութիւն մըն է ստեղծուած  1947-ին հայր Werenfried van Straaten-ի կողմէ։ Անոր իւրայատկութիւնն է օգնութեան հասնիլ հալածուած ու հարստահարուած եկեղեցիներուն, որպէսզի կարողանան իրենց հովուական առաքելութիւնը լաւապէս կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.