2015-06-09 13:32:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 9 յունիսի քարոզը


“Պահպանենք քրիստոնէական ինքնութիւնը, եւ թոյլ տանք՝ որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեր կեանքը։” Այս էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը, երեքշաբթի, յունիս 9ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզին։

Սրբազան Պապը հարց տուաւ՝ թէ “ո՞րն է քրիստոնէական ինքնութիւնը”։ Սուրբ Պօղոս Առաքեալի խօսքը, օրուան ընթերցուածին մէջ կը հաստատէ՝ “Աստուած մեզ եւ ձեզ հաստատ պահեց Քրիստոսի մէջ եւ տուաւ մեզի օծումը, կնքեց մեզ եւ մեր սրտերուն մէջ դրաւ Հոգիին առհաւատչեան։ (Բ. Կոր Ա. 18-22) Հիմնուելով Առաքեալի այս խօսքերուն վրայ՝ Սրբազան Պապը բացայայտեց քրիստոնէական ինքնութեան բնոյթը։ Պատրաստելու համար քրիստոնէական ինքնութիւնը՝ Աստուած երկար ճանապարհ կտրեց մարդկային պատմութեան մէջ՝ մինչեւ իր Որդիին առաքումը։ Նաեւ մենք՝ մեր կեանքին մէջ, երկար ճանապարհ պէտք է կտրենք, որպէսզի մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը ամրապնդումի՝ կարենալ ըլլալու համար “վկաներ” Սուրբ Աւետարանին։

Չենք կրնար ուրանալ մեղքի իրականութիւնը մեր կեանքէն ներս. մեղքը մեզ անկումի կը տանի։ Սակայն Տիրոջ զօրութիւնը մեզի հետ է։ Ան մեզ կը վերականգնէ եւ կ’օգնէ յառաջ ընթանալու մեր ինքնութեամբ։ Նաեւ մեղքը մեր ինքնութեան մաս կը կազմէ. մեղաւորներ ենք, սակայն մեղաւորներ, որոնք կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսի։ Այս հաւատքը պարզապէս գիտակցութիւն մը չէ, այլ Աստուծոյ պարգեւն է՝ տրուած մեզի, դրուած մեր սրտին մէջ Աստուծոյ կողմէ։ Աստուած՝ ինքնին մեզ կը հաստատէ Քրիստոսի մէջ։ Ան մեզի տուաւ օծումը, մեր վրայ դրոշմեց կնիքը, մեզի տուաւ “առհաւատչեան”, գրաւականը, Սուրբ Հոգիին երաշխիքը՝ մեր սրտերուն մէջ։ Աստուած է, որ մեզի կու տայ մեր ինքնութիւնը։

Հիմնական է, որ հաւատարիմ մնանք այս քրիստոնէական ինքնութեան եւ թոյլ տանք, որ Սուրբ Հոգին, որ ինքնին երաշխիքն է եւ գրաւականը մեր սրտերուն մէջ՝ մեզ յառաջ տանի մեր կեանքի մէջ։ Մենք անհատներ չենք, որոնք “փիլիսոփայական” ուղղութեան մը կը հետեւին, այլ “օծուած” ենք եւ ունինք “Սուրբ Հոգիին գրաւականը”։

Քրիստոնէական ինքնութիւնը շօշափելի իրականութիւն մըն է, փափկութեան կրօնք մը չէ։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը գեղեցիկ է. ան կը դրսեւորուի “վկայութեան” մէջ։ Ասոր համար է, որ Յիսուս մեզի կը խօսի “վկայութեան” մասին՝ իբր արտայայտութիւն մեր քրիստոնէական ինքնութեան։

Պէտք է զգուշանալ երկու վտանգներէ. առաջին՝ “վկայութենէ անցնիլ գաղափարներու”, “ջրախառնելով վկայութիւնը։” Քրիստոնէական ինքնութիւնը շօշափելի իրականութիւն է՝ ինչպէս կը կարդանք Աւետարանի Երանութիւններուն մէջ (Մտթ Ե.-Է.)։ Եթէ անցնինք փափկութեան կրօնքի մը՝ ենթակայ ենք փորձութեան մէջ իյնալու՝ մենք մեզ գտնելով գնոստիկեան ճանապարհի վրայ։ Գայթակղեցուցիչ է այսպիսի խեղաթիւրուած ինքնութիւն մը։

Երկրորդ փորձութիւնն է՝ անկում աշխարհիկութեան մէջ՝ կորսնցնելով մեր “վկայութեան համը”, “ետքայլ կատարելով քրիստոնէական ինքնութեան մէջ”։ Անհատներ, որոնք ինկած են աշխարհիկութեան մէջ՝ կը նկատեն խաչը իբր գայթակղութիւն։ Անոնք մոռցած են, որ ընտրուած են եւ ունին Սուրբ Հոգիին գրաւականը։ Մինչ Աստուծոյ խօսքը կը մնայ հաստատուն՝ “Քրիստոս, եւ ուրիշ ոչինչ”։

Քրիստոնեան պէտք է կարենայ վկայութիւն տալ Յիսուս Քրիստոսի մասին, որպէսզի չկորսնցնէ իր ինքնութիւնը։ Փրկագործութեան պատմութեան մէջ, Աստուած, իր հայրական համբերութեամբ մեզ անորոշութենէ դէպի ապահովութիւն առաջնորդեց՝ իր փրկիչ Որդւոյն մարդեղութեամբ եւ մահով։ Ահա այս է մեր ինքնութիւնը՝ “Աստուծոյ բոլոր խոստումները իրականացան Քրիստոսի մէջ։” (Բ. Կոր Ա. 20)

 








All the contents on this site are copyrighted ©.