2015-06-09 08:28:00

Քահանաներու համաշխարհային 3-րդ հոգեւոր կրթութիւնը Լատերանեան պազիլիքային մօտ։


Ռատիօ Վատիկան) 10 - 14 Յունիս 2015, Ս. Յովհաննէս Լատերանեան պազիլիքային մօտ տեղի կ՛ունենայ  Քահանաներու համաշխարհային երրորդ հոգեւոր կրթութիւնը որուն բնաբանն է ''Սրբութեան կանչուած նոր աւետարանութեան ի խնդիր''։

12 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 4-ին նախատեսուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մէկ մտածականը ‘’Սէրէն բարեփոխուած ու սիրոյ համար'' խորագիրով  որուն պիտի յաջորդէ ս. Պատարագի արարողութիւնը։

Վերոյիշեալ հաւաքը ուղղուած է հինգ ցամաքամասի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ սարկաւագներուն եւ կը նախատեսէ հինգ նիստեր, իւրաքանչիւրը նուիրուած է հետեւեալ նիւթերու. ''Միատեղ համախմբուած, վերահաշտուած, բարեփոխուած, զօրացած, հրաւիրուած նոր աւետարանութեան համար''։  Բոլոր այս նիւթերը ներշնչուած են ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրէն։

Հոգեւոր կրթութիւնը սկիզբ կ՛առնէ 10 յունիսին Կարդինալ Սթանոզլաւ Րիլքոյի` աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահի մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ ու վերջ կը գտնէ 14 Յունիսին կարդինալ Վալլինիի` Հռոմի թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոսի եզրափակիչ ս. Պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.