2015-06-09 08:10:00

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Միքայէլ Չարչֆլեանի Ֆիլատելֆիա- Միացեալ Նահանգներ


Կիրակի, 07 յունիս 2015ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ,  Արհիապատիւ գերապայծառ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը, հայրապետական սուրբ պատարագի ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրեց Միքայէլ կիս. Չարչֆլեանը։ Արարողութեան ներկայ էին ժողովրդապետութեան հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ինչպէս նաեւ ե ձեռնադրեալի ծնողքն ու ընտանեկան պարագաները եւ բազմաթիւ բարեկամներ որոնք այս ուրախալի առիթով ժամանած էին Պոսթոնէն, Նիւ Ճըրսիէն եւ Մոնթրէալէն5

Արարողութեան ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ Արհիապատիւ առաջնորդ հայրը իր  խնդրելէ ետք հաւատացեալներէն որ աղօթեն նոր ձեռնադրեալ սարկաւագին կոչման հաստատութեան եւ անոր առաքելութեան յաջողութեան համար, շնորհաւորեց անոր ծնողները իրենց տածած քրիստոնէական եւ ազգային  դաստիարակութեան համար եւ խրախուսեց նոր ձեռնադրեալը որ միշտ յիշէ թէ՝ սարկաւագութեան աստիճանը ստանալով, ինք կանչուած է աղօթքի եւ ծառայութեան կեանքով ըլլալու Քրիստոսը քարոզող առաքեալ մը. հետեւելով սուրբ Ստեփանոս նախավկային եւ առաջին սարկաւագի օրինակին։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, Արհիապատիւ առաջնորդ հայրը եւ Միքայէլ սարկաւագն ու ծնողքը շնորհաւորութիւնները ընդունեցին Սուրբ Մարկոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.