2015-06-09 10:15:00

Կանչուած ենք՝ քարոզելու ամէնուրէք


Եւ ըսաւ անոնց. « Գացէք դէպի աշխարհն համայն եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարածներուն: Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի, պիտի փրկուի, իսկ ան, որ պիտի չհաւատայ, պիտի դատա-պարտուի: Ահաւասիկ նշանները, որ պիտի ընկերանան անոնց, որ պիտի հաւատան: Իմ անունովս պիտի հանեն դեւեր, պիտի խօսին լեզուներ, պիտի բռնեն օձեր իրենց ձեռքով, եւ եթէ մահացութոյն խմեն, պիտի չվնասէ զանոնք: Ձեռք պիտի դնեն հիւանդներու վրայ եւ պիտի բուժեն զանոնք:» (Մարկոս 16, 15-20)

Այս էր առաքելութիւնը որ Հայր Աստուած պատուիրեց իր Որդիին երթալու եւ քարոզելու ամէնուն եւ ամէնուրէք առանց մեզ ձգելու առանցին, այլ մեզի հետ մնալով՝ պիտի օգնէ եւ հսկէ Սուրբ հոգիին միջոցաւ:

Տէրը մեզ կը քաջալերէ որ առանց վախի բանանք մեր սրտին դռները երբ լսենք իր զանգակը, որովհետեւ իր ձայնը եւ խրատը  ինծի պիտի վկայեն աստուածային ողորմու-թիւնը եւ սէրը:

Յիսուս իր համբարձումէն առաջ իր վերջին արարքը աշխարհիս վրայ եղաւ երբ հիմնեց Եկեղեցին վստահելով իր իշխանութիւնները առաքեալներուն եւ իր յաջորդներուն, զիրենք ուղղելով նոր առաքելութեան՝ մկրտելով բոլոր անոնք որ իր ձայնը կը լսէին եւ պիտի լսեն առանց մոռնալու ներելու իշխանութիւնը ապաշխարութեան խորհուրդին միջոցաւ: Այս գեղեցիկ հրահանգով աշակերտները սկսան բժշկել ամէն տեսակ հիւանդներ որոնք կը տառապէին մարմնական թէ հոգեւոր հիւանդութիւններէն: Այս հոգիով Տիրոջ առաքեալները ուրախութեամբ կրցան սատանայական իշխանութիւնները վռնտել առանց մտահոգութեան որովհետեւ առա-քեալները զգացին եւ կը զգան Աստուծոյ ներ-կայութիւնը այս գեղեցիկ առաքելութեան մէջ:

Տէրը յաճախ շնորհեց զանազան հրաշքներ իր առաքեալներուն եւ սուրբերուն միջոցաւ, որովհետեւ Եկեղեցին պէտք ունէր զանազան պաճառներու համար: 2015 թուա-կանին, Եկեղեցին նշանաւոր դէպք մը պիտի ապրի Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին, Կա-թողիկէ սինհոտին աւարտին պիտի գու-մարուի կարեւո ժողով մը՝ «Քրիստոնեայ ընտանիքին» նիւթին շուրջ, որուն ընթացքին Սրբա-զան Քահանայապետը սուրբ պիտի հռչակէ Սրբուհի Թէրէզային հայրն ու մայրը՝ «Մարդէն» (Martin) զոյգը որովհետեւ իրենց կեանքին վկայութիւնը ցուցուց թէ ամուս-նական եւ ընտանիքին վկայութիւնը կը քա-ջալերուի Քրիստոնեայ զոյգերէն որոնք իրենց հաւատքը առանց վախի կ'ապրին. Իւրա-քանչիւր զոյգ որ սիրով կը հանդուրժէ զիրար կրնան սրբութեան հասնիլ: Այս է գեղեց-կութիւնը իսկական սրբութեան երբ մարդս կարենայ մեծ սիրով եւ հաւատքով վկայութիւն տալ աշխարհիս թէ ամէնքս կան-չըւած ենք քարոզելու, սրբանալու եւ Քրիս-տոսի սէրը հաս-ցընելու տկար հոգիներուն:

Համբարձումը եղաւ միջոցը Աստուծոյ «Բանին» եւ յայտնութիւնը մարդոց առաքե-լութեան միջոցաւ, եւ սակայն այս մարդիկը չէին կրնար բան մը իրագործել առանց Աստուծոյ օգնութեան եւ մանաւանդ փրկչա-գործութեան նոր ուխտը զետեղելու մարդոց սրտերուն խորքին մէջ: Սուրբ Հոգիին մի-ջոցաւ առաքեալները օգտակար եղան տկար մարդոց որոնք Աստուծոյ պէտք ունէին:

Մենք որպէս Աստուծմէ կանչուած մարդիկ Աստուծոյ խօսքը հասկանլու եւ քա-րոզելու ենք եւ գիտնալ թէ ինչպէս կարելի է իրագործել այս առաքելութիւնը ինչպէս որ Քրիստոսը ուզեց, ըրաւ եւ մեզի սորվեցուց:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.