2015-06-08 08:45:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ելոյթը Սարայեւոյէն Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) 6 Յունիս 2015 ին, Սարաեւոյէն Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իրենց հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին  հաստատեց իր կամքը ֆրանսա այցելել, առանց սակայն թուական մը նշելու։  Ան նոյնպէս յայտնեց որ մօտ օրէն պիտի արտայայտուի Medjugorge-ի սրբավայրին մէջ Ս. Կոյս Մարիամի երեւումներու մասին։

Ծրագրած եմ ու խոստացած ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն օր մը ֆրանսա երթալ - ըսաւ Քահանայապետը ու յայտնեց թէ կը նպատակադրէ Խրուաթիա այցելել։

Medjugorge-ի ս. Կոյսի երեւումներու մասին խօսելով ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խնդրանքով կարդինալներու ու աստուածաբաններու յանձնախումբ մը կազմուած է Մարտ 2010ին, քննարկելու Տիրամօր երեւումներու հարցը։  Յանձնախումբը 2014-ին  ներկայացուց իր աշխատանքին արդիւնքը։ Անոնք մեծ աշխատանք յառաջ տարին ու հաւատոյ ժողովը իր դատումը տուած է. Այժմ մեզի կ’իյնայ վճիռ առնել։ Հաւատոյ ժողովը կարգ մը ցուցմունքներ պիտի տայ եպիսկոպոսներուն թէ ինչպիսի դիրք  բռնել մարեմեան սրբավայրին նկատմամբ մինչ Հռոմը տակաւին չէ արտայայտուած  մարեմեան երեւումներու մասին։

Սրբազան Հայրը վերահաստատեց համացանցին մասին իր կեցուածքը  հրաւիրելով երիտասարդները ընտրել այն ինչ որ բարի է եւ օգտակար մինչ կը դիտեն հեռուստատեսիլը կամ փնտռտուք կը կատարեն համացանցին մէջ, մերժելով կեղտոտութիւնը։ Ան ի մէջ այլոց յայտնեց որ 25 տարի առաջ առաջադրած էր չի դիտել հեռուստատեսիլը։ Շատ մի կապուիք համացանցին, որպէսզի չկաշկանդէք ձեր ազատութիւնը ու ստրուկ չդառնաք անոր -ըսած էր Քահանայապետը երիտասարդներուն ու աւելցուցած` Կարեւոր է լաւ օգտագործել  արդի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները։ Ան ապա ցաւ յայտնած էր հեռուստատեսի այն յայտագիրներուն ի տես  որոնք կը քաջալերեն հեշտասիրութիւնը, յարաբերականութիւնը ու սպառապաշտութիւնը, որակելով այդ յայտագիրները ‘’ընկերութեան ճշմարիտ խլիրդը’’։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա  հաստատեց թէ Սարայեւօ ճամբորդութեան նպատակն է յոյս ներշնչել ու քաջալերել խաղաղութեան գործընթացքը երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ճանապարհով։   








All the contents on this site are copyrighted ©.