2015-06-08 09:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Արժանթինի նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կիրակի` 7 յունիս 2015-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց Արժանթինի հանրապետութեան նախագահ Տիկ Քրիստինա Ֆերնանտէզ Քիրչների''։  Սոյն լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին որ ապա կը մատնանշէ թէ սիրալիր հանդիպումը տեւեց 1 ժամ 30 վայրկեան ու տեղի ունեցաւ Պօղոս Զ անուան սրահի քահանայապետական գրասենեակին մէջ։

Նախագահ Քիրչներ ուզեց անգամ մը եւս Քահանայապետին վստահեցնել Արժանթինի ժողովուրդին սէրն ու մօտիկութիւնը խնդրելով անոր օրհնութիւնը Արժանթինի համայն ազգին  համար։

Առանձնական հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց նախագահին ընկերացող պատուիրակութիւնը որ ապա պիտի մասնակցի ՖԱՕ գիտաժողովին ու պիտի այցելէ Միալնոյի Էքսփօ 2015 տօնավաճառը։

Նախագահ Քիրչներ Քահանայապետին նուիրեց, ի մէջ այլոց, Արժանթինցի արուեստագէտ Էուճենիօ Քութթիքայի` Երանելի Օսքար Արնուլֆօ Րոմերօ եպիսկոպոսին` հսկայ իւղանկարը։ Քահանայապետը նախագահին նուիրեց ''Քնքշութեան Տիրամայրը'' պատկերացնող Ռուսական Իկոն մը

Յայտնենք որ այս հանդիպումը կը հանդիսանայ  հինգերորդը որ տեղի կ՛ունենայ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Արժանթինի Քիրչներ նախագահին միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.