2015-06-08 09:48:00

Փուերթօ Րիքոյի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին հակիրճ ակնարկ։


(Ռատիօ Վատիկան) Փուերթօ Րիքոյի  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը ժամանած է Հռոմ ` Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու առթիւ։

Փուերթօ Րիքոն ունի 9.044 քմ քառակուսի տարածութիւն ու կը հաշուէ աւելի քան  3 միլիոն 615 հազար  բնակչութիւն որուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են` 78,46% տոկոսը։

Փուերթօ Րիքոյի  թեմը հիմնուած է 1511 թուականին; 1924էն սկսեալ թեմը կը կոչուի Սուրբ Giovanni di Portorico, նոյն տարին երկիրը կ՛ունենայ նաեւ Ponce-ի թեմը; Երկու այս թեմերը ենթակայ են Ս. Աթոռին։

Փորթօ Րիքոյի ներկայի եկեղեցին ունի արքեպիսկոպոսական թեմ եւ չորս ենթաթեմեր։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը սկիզբ առաւ Cristoforo Colombo-ի Ամերիկա կատարած երկրորդ ճամբորդութեամբ, առ այդ Փուերթօ Րիքոն նկատուած է ամերիկեան ցամաքամասի ամենէն հին եկեղեցիներէն մէկը։

Առաջին եպիսկոպոսը` գերապայծառ Alonso Manso Փուերթօ Րիքոյ մտաւ 25 Դեկտեմբեր 1512։ 1898-էն սկսեալ Փուերթօ Րիքոն կը միացուի ԱՄՆին, Եկեղեցին սակայն կը մնայ Ս. Աթոռի իրաւասութեան ներքեւ։ 

Փուերթօ Րիքոյի Եկեղեցին ներկայիս ունի 300 ժողովրդապետութիւններ եւ աւելի քան 2500 թեմական եւ կրօնաւոր քահանաներ։ Բազմաթիւ են եկեղեցւոյ բարեսիրական, առողջապահական, կրթական ու մշակութային կեդրոնները։ Հարկ է ընդգծել աշխարհականներու գործօն ներկայութիւնն ու դերը եկեղեցւոյ մէջ։  Բայց եւ այնպէս հիւսիսային-ամերիկայի մշակոյթի ազդեցութիւնը տակաւ առ տակաւ զգալի կը դառնայ եւ այս պատճառաւ եկեղեցին հարկաւորութիւնը կը զգայ ոյժ տալու ընտանիքի հովուական խնամակալութեան ու նոր սերունդի հաւատքին ամրապնդումին, ու այս առաքելութիւնը կը կատարէ  շնորհիւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բանուորական շարժումին, որ երկրին մէջ ներկայ է իր աւելի քան 400 կեդրոններով։ Նոյնպէս կրօնաւորական միաբանութիւնները իրենց իւրայատուկ կեդրոններուն ու շարժումները ստեղծած են։

Ներկայիս աւելի քան 12 հազար անչափահասներ 14-17 տարեկան մաս կը կազմեն եկեղեցական շարժումներուն, գործօն դեր մը ունենալով Փուերթօ Րիքոյի եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.