2015-06-08 08:31:00

Թուրքիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններ. Էրտողանի կուսակցութեան ձախողեցաւ։


Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այս ընտրութիւնները վճռորոշ էին այն առումով, որ անոնց իբրեւ արդիւնք յայտնի կը դառնայ, թէ արդեօք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնա՞յ փոխել սահմանադրութիւնը եւ երկիրը խորհրդարանական համակարգէն դարձնել նախագահական հանրապետութիւն, ինչպէս կը ցանկայ նախագահ Էրտողան:

Միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու ժողովրդային մասնակցութեան տոկոսը բարձր եղած է, յատկապէս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:

Ուշ երեկոյեան տուեալներով, բոլոր լրատուամիջոցները հաստատեցին ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնց պատկերը հետեւեալն էր` քուէներուն 99,93 առ հարիւրին հաշուարկէն ետք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 40,81 առ հարիւրը (258  երեսփոխան), Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 25,01  առ հարիւրը (132 երեսփոխան), Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 16,33 առ հարիւրը (81  երեսփոխան) եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 13,06 առ հարիւրը (79  երեսփոխան):

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Պոլսոյ մէջ առաջադրուած հինգ հայ թեկնածուներէն երեքը  անցած են խորհրդարան: Անոնք են` Սելինա Էօզուզուն Տողան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն, Կարօ Փայլան` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն եւ Մարգար Եսայեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.