2015-06-07 11:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սարայեւոյի երիտասարդութեան յանձնած գրաւոր ճարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայ կատարած ճամբորդութիւնը աւարտեց Յովհաննէս Պօղոս Բ երիտասարդական կեդրոնի մէջ հանդիպում ունենալով տեղական  եւ շրջակայ այլ վայրերէն ժամանած բազմաթիւ երիտասարդներու հետ որոնց յանձնեց գրաւոր ճար մը որուն մէջ ի մէջ այլոց նշուած է՝

 “Կը ճանչնամ տարակոյսները եւ յոյսերը, որ կը կրէք ձեր սրտերուն մէջ։ Կը մաղթեմ, որ նոր սերունդներուն երաշխաւորուին ապագայի իրական հեռանկարներ, խուսափելով արտագաղթի տխուր երեւոյթէն։ Ասոր համար հաստատութիւնները պէտք է ի գործ դնեն յարմար եւ քաջարի ռազմավարութիւններ, նպաստելու համար երիտասարդներուն, որ կարենան իրականացնել իրենց արդարացի տենչերը։ Այսպէսով անոնք կարող պիտի ըլլան նպաստելու երկրի կառուցման եւ աճումին։ Եկեղեցին, իր կողմանէ, կրնայ տալ իր նպաստը հովուական յարմար ծրագիրներ մշակելով, կենդրոնանալով երիտասարդներու քաղաքային եւ բարոյական խղճի կազմաւորումին վրայ, օգնելով՝ որ ըլլան ընկերային կեանքի գլխաւոր դերակատարներ։ Եկեղեցւոյ այս պարտականութիւնը արդէն գործադրումի մէջ է՝ յատկապէս կաթողիկէ վարժարաններու արժէքաւոր գործունէութեան մէջ, որ բաց են ոչ միայն կաթողիկէ աշակերտներու, այլ նաեւ անոնց, որոնք կու գան այլ քրիստոնեայ դաւանանքներէն եւ այլ կրօնքներէ։ Ընդհանրապէս՝ Եկեղեցին պէտք է ինքզինք զգայ կոչուած միշտ աւելին յանդգնելու, ներշնչուած Սուրբ Աւետարանէն եւ մղուած Սուրբ Հոգիէն, որ կը փոխակերպէ անհատները, ընկերութիւնը եւ Եկեղեցին։

Նաեւ ձեզի, ով երիտասարդներ, կը սպասէ վճռական պարտականութիւնը՝ դիմագրաւելու մեր ժամանակներու մարտահրաւէրները, որոնք ապահովապէս նիւթական բնոյթ ունին։

Տնտեսական դժուարութիւններու հետ միասին՝ բնորոշուած աշխատանք գտնելու դժուարութեամբ եւ անոր հետ կապուած ապագայի անորոշութեամբ, կը նկատենք բարոյական արժէքներու տագնապը եւ կեանքի իմաստի կորուստը։ Ի տես այս ճգնաժամային վիճակին, կարելի է իյնալ փախուստի եւ խուսափումի փորձութեան մէջ, փակուելով եսակենդրոն մէկուսացման վարմունքի մէջ՝ ապաւինելով ալքոլի, թմրանիւթի, եւ գաղափարախօսութիւններու, որոնք կը քարոզեն ատելութիւն եւ բռնութիւն։ Ասոնք իրականութիւններ են, որոնք քաջածանօթ են բոլորն։ Ասոր համար կը քաջալերեմ ձեզ, թոյլ մի տաք որ դժուարութիւները ձեզ յաղթահարեն, այլ անվախօրէն երեւան բերէք այն ոյժը, որ կը սերի ձեր քրիստոնէական էութենէն։ Դուք սերմն էք աւելի արդար, եղբայրական, հիւրընկալ եւ խաղաղասէր ընկերութեան մը։ Դուք, երիտասարդներդ, Քրիստոսի հետ միասնաբար՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ոյժն էք։ Եթէ թոյլ տաք որ Ինք ձեզ ձեւաւորէ, եթէ դուք ձեզ բանաք Անոր՝ երկխօսութեամբ եւ աղօթքով, Սուրբ Աւետարանի ընթերցումով եւ խորհրդածութեամբ, պիտի վերածուիք յոյսի մարգարէներու եւ վկաներու։

Այս առաքելութեան կոչուած էք՝ փրկել յոյսը։ Յոյս՝ որ ներկայ վիճակը պիտի գերազանցէք, պատրաստելով ապագայի համար ընկերային եւ մարդկային կլիմայ մը՝ աւելի արժանավայել քան ներկայինը։ Յոյս՝ ապրելու աւելի եղբայրական, աւելի արդար եւ խաղաղասէր, աւելի լուրջ աշխարհի մը մէջ՝ ուր մարդն է չափանիշը։”

Ապա Սրբազան Պապը շեշտեց միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը խնամելու պարտականութեան վրայ, քաջալերելով երիտասարդները ընթանալու այդ ճանապարհով։ Վերջապէս անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրեց ընկերային մարզի վրայ իրենց ունեցած պատասխանատուութիւններուն վրայ՝ յատկապէս աղքատներու եւ ամենէն կարիքաւորներու նկատմամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.