2015-06-07 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ''Ես եմ երկինքէն իջած հացը...''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 8 յունիս 2015-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը սովորութեան համաձայն խորհրդածութիւն մը կատարեց ընդգծելով թէ` այսօր շատ մը երկիրներուն մէջ կը նշուի Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը ու մատնանշելով աւետարանական ընթերցումին ուր Յիսուս կը յայտնէ թէ ''Ինքը երկինքէն իջած կենդանի հացն է եւ թէ այդ հացը կերողը յաւիտեան կ՛ապրի ու այն հացը որ ինք պիտի տայ մեզի իր մարմինն է` կեանք աշխարհի... Ով որ ուտէ իմ Մարմինս եւ ճաշակէ իմ արիւնս կը բնակի իմ մէջս եւ ես անոր մէջ''։  

Վերջին ընթրիքը – ըսաւ Սրբազան Հայրը կը ներկայացնէ Յիսուսի կեանքին վերջին հանգրուանը, ու կը ներկայացնէ համայն մարդկութեան նուիրուած գոյութեան մը եզրակացութիւնը։ Ուստի պէտք չէ հաստատել միայն թէ Յիսուս ներկայ է Սուրբ հաղորդութեան մէջ ,  այլ պէտք է նաեւ անոր մէջ տեսնել համայն կեանքի մը նուիրումի իրողութիւնը, մասնակից դառնալով անոր։

Այսօրուայ տօնակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ մեր ապրելակերպով դառնալու նման Յիսուսին։ Քրիստոսը որ կը ներկայանայ հացի եւ գինիի կերպարանքի տակ միեւնոյնն է երբ մեզի  կ՛ընդառաջէ առօրեայի իրողութիւններուն մէջ. Ան կը գտնուի իր ձեռքը երկարող աղքատին մէջ, օգնութիւն հայցող տառապողին մէջ, եղբօր մէջ որ մեր օժանդակութեան կը կարօտի ու մեր հիւրընկալութիւնը կ՛ակնկալէ։

Սուրբ Հաղորդութիւնը, եկեղեցւոյ կեանքի սիրոյ ակնաղբիւր` է նաեւ դպրոց եղբայրսիրութեան եւ զօրակցութեան։ ''Այն որ Քրիստոսի հացը կը ճաշակէ չի կրնար անտարբեր մնալ անոնց դիմաց որ հաց չունին'', ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ աշխարհի մէջ անօթութեան հարցը ամէն օր աւելիով կը  ծանրանայ ու թէ հարկաւոր է պատշաճ լուծումներ որոնել այս ուղղութեամբ։ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը եզրափակեց Աստուախաօր սրտին յանձնելով այս մատհոգիութիւնը  որպէսզի մեզ ոգեւորէ ու մեր մէջ արթնցնէ քաջութիւնը վկայելու Քրիստոսի անհուն սէրը.

 

Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ըսաւ` ''երէկ այցելեցի Սարայեւօն, Պոզնիա -Հերեցիկովինան, որպէս խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամաւոր։ Սարայեւոն խորհրդանշական քաղաք մըն է։ Դարեր ամբողջ եղաւ վայր ժողովուրդներու եւ կրօններու համակեցութեան եւ ստացաւ ''Արեւմուտքի Երուսաղէմ'' անուանումը։ Վերջերս դարձած էր պատերազմի եւ քանդումներու խորհրդանիշ` մինչ այժմ կը գտնուի հաշտութեան գործընթացի մէջ, ու ասոր համար է որ ճամբորդութիւնը կատարեցի. քաջալերելու համար զանազան ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան գործընթացի ճանապարհը։ Դժուար ու սպառիչ սակայն կարելի ճանապարհ մը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ։ Երախտագիտութիւն յայտնելով  Երկրին պատկան իշխանութիւններուն ու բնակչութեան իրենց վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար ու շնորհակալութիւն յայտնելով  կաթողիկէ  հասարակութեան  ու անոր յանձնառումին ի սպաս համագործակցութեան եւ զանազան կրօններու միջեւ զօրակցութեան, կոչ ընելով բոլորին յառաջ տանելու ընկերութեան հոգեւոր ու բարոյական վերակառուցումի գործընթացը։

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ յառաջիկայ ուրբաթ կը նշուի մանկական աշխատանքի կանխարգիլման միջազգային օրը ընդգծելով թէ աշխարհի մէջ բազմաթիւ մանուկներ ազատութիւնը չունին զուարճանալու եւ դպրոց յաճախելու ու կը շահագործուին աշխատանքի վայրերուն մէջ։

Կը մաղթեմ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որ  միջազգային հասարակութիւնը յանձնառումով գործէ զարգացնելու մանկութեան իրաւունքներու ճանաչողութիւնը ու անոնց պաշտպանութիւնը։

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը  բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.