2015-06-07 09:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրերը՝ դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 6 յունիսի, երեկոյեան,  Սարայեւօ կատարած միջազգային Առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ըստ աւանդութեան՝ հեռագրեր ուղղեց սաւառնած երկիրներու պետութիւններու նախագահներուն։

Խրուաթիոյ նախագահին հասցէին ուղղած հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը վերանորոգեց իր յատուկ ողջոյնները Խրուաթիոյ նախագահին եւ ժողովուրդին,հայցելով Տիրոջմէ խաղաղութեան եւ ցնծութեան օրհնութիւններ։

Իսկ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին ուղղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր սրտագին ողջոյնը ուղղեց Իտալիոյ նախագահին եւ ժողովուրդին, մաղթելով ազգային համերաշխութիւն եւ աղօթելով ընդհանուրի բարիքին ի սպաս ու ապա համայն իտալացի ազգին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.