2015-06-06 12:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սարայեւոյի մարզադաշտին մէջ արտասանած քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սարայեւօ կատարած միօրեայ այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը­, առաւօտեան ժամը11-ին, Սարայեւոյի Քոշեվօ անուան մարզադաշտին մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ներկայ գտնուեցան պետական­­, քաղաքացիական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու վաթսուն հազարէ աւելի հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուայ ս. Գրային ընթերցումներուն մէջ կրկին անգամներ արձագանգեց ''Խաղաղութիւն'' բառը։ Խաղաղութիւնը մարգարէական գերազանց խօսք մըն է։ Խաղաղութիւնը Աստուծոյ երազն է, Աստուծոյ ծրագիրը վասն մարդկութեան, պատմութեան, համայն արարչագործութեան։ Ծրագիր մը, որ միշտ դիմադրութիւն կը գտնէ մարդու կողմէ, չարին կողմէ։

Մեր ժամանակներուն իսկ խաղաղութեան ձգտումը, յանձնառումը անոր իրականացումին, հակառակութիւն կը գտնէ երկրագունդի բազմաթիւ վայրերու մէջ, կը թուի թէ երրորդ աշխարհամարտ մը տեղի կ՛ունենայ որ շերտ շերտ կը գործադրուի եւ որ ակնյայտ է ընկերային հաղորդամիջոցներու ընդմէջէն։

Կան խումբեր, որ կամայականօրէն կ’ուզեն ստեղծել ու հրահրել բախումը զանազան մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ, ուրիշներու զէնք վաճառելու կամքով - ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ ` ''պատերազմ կը նշանակէ մանուկներ, կիներ ու ծերեր գաղթօճախներու մէջ, կը նշանակէ մահ, քանդում ու աւեր։ Դուք փորձարկեցիք այդ ցաւալի իրականութիւնը եւ Աստուծոյ ժողովուրդը անգամ մը եւս իր ձայնը կը բարձրացնէ կոչելու. ''Ոչ երբեք պատերազմ''։

Պատերազմի այս մթնոլորտին մէջ Յիսուսի ձայնը կրկին կը բարձրանայ. Երան՜ի խաղարարներուն։ Խաղաղութիւնը իրագործելը կը պահանջէ կամք, սէր, համբերութիւն, փորձառութիւն ու յարատեւութիւն։ Երանելի են անոնք որոնք կը սերմանեն խաղաղութիւնը իրենց առօրեայ համբերատար աշխատանքով, երկխօսութեամբ ու գութով։ Յիսուս խաղարարներուն կ’ըսէ պիտի կոչուին Աստուծոյ որդիները։ Տէրը միշտ խաղաղութիւն կը ցանէ եւ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց  որպէսզի իր խաղաղութիւնը ունենանք։

Ի՞նչպէս կարելի է կերտել խաղաղութիւնը, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը ու պատասխանեց  Եսայեա մարգարէին խօսքերով. '' արդարութիւն գործադրելով''։

Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ որ սէրը արդարութեան լրումն է` ''մերձաւորդ պիտի սիրես քու անձիդ պէս''։ Պօղոս առաքեալը իր Բ. թուղթինն մէջ կը մատնանշէ եղանակը` խաղաղութեան հասնելու համար,,  կարեկցութեան, բարութեան, խոնարհութեան, հեզաբարոյ ըլլալ, մէկը միւսը հանդուրժել ու ներել, ինչպէս որ Տէրը  ներեց մեզի։ Ահա կեցուածքը որ պէտք ենք որդեգրել դառնալու համար ճշմարիտ խաղարարներ մեր շրջապատէն ներս։ Սակայն մոռնալու չենք որ խաղաղութիւնը աստուածային շնորհք մըն է։ Ան կարող է բարեփոխել մեր ընթացքը, յուզել մեր սրտերը ու դարձնել մեզ ճշմարիտ խաղաղարարներ։ Առաքեալը կ’ըսէ որ խաղաղութիւնը Աստուծոյ  պարգեւն է որովհետեւ պտուղն է իր հաշտութեան մեզի հետ։ Ուստի միմիայն Աստուծոյ հետ հաշտուելով  Մարդը կարող պիտի դառնայ խաղաղարար։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը քարոզին աւարտին, այսօր, միասնաբար հայցենք Տիրոջմէն, Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, ունենալու պարզ սիրտի մը շնորհքը, համբերատարութիւն եւ ոյժ պայքարելու ու աշխատելու արդարութեան համար, ըլլալու գթառատ, խաղաղարար, եւ  սերմանելու խաղաղութիւն ու ոչ թէ բաժանում։ Այս է ահա ճանապարհը  երջանկութեան եւ երանութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.