2015-06-06 18:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Սարայեւոյի միջկրօնական հանդիպումի աւարտին։


Աստուած ամենակարող եւ յաւիտենական,

Հայր բարի եւ ողորմած,

Արարիչ երկնքի եւ երկրի, ամէն երեւելի եւ աներեւոյթ գոյութիւններու,

Աստուած Աբրահամի, Աստուած Իսահակի, Աստուած Յակոբի,

Թագաւոր եւ Տէր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի,

Միակ դատաւոր բոլոր մարդոց,

Որ կը հատուցանես քու հաւատարիմներդ յաւիտենական փառքով։

Մենք՝ Աբրահամի յաջորդներս, որ կը հաւատանք Քեզի, միակ Աստուծոյդ,

Հրեաներ, քրիստոնեաներ եւ իսլամներ,

Խոնարհաբար կանգնած ենք Քու առջեւդ

Եւ վստահութեամբ քեզի կ’աղօթենք

Այս երկրին, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի համար,

Որպէսզի կարենան ապրիլ հոս խաղաղութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ

Այր մարդիկ եւ կիներ, հաւատացեալներ տարբեր կրօնքներու, ազգերու եւ մշակոյթներու։

Կ’աղօթենք Քեզի, ով Հայր, այն իրադարձութիւններուն համար

որ կը կատարուին ամբողջ աշխարհի վրայ։

Մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ զօրացուր հաւատքը եւ յոյսը,

Փոխադարձ յարգանքը եւ անկեղծ սէրը՝

Մեր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ։

Տուր, որ քաջութեամբ ճիգ թափենք

Կերտելու ընկերային արդարութիւնը,

Ըլլալու անհատներ՝ բարի կամքով,

Լի փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ ներողամտութեամբ,

Համբերատար կերտողներ՝ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան.

Մեր բոլոր մտածումները, խօսքերը եւ գործերը

Ըլլան ներդաշնակ քու սուրբ կամքիդ հետ։

Ամէն ինչ ըլլայ քու պատիւիդ եւ փառքիդ, եւ մեր փրկութեան համար.

Յաւիտենական գովաբանութիւն եւ փառք Քեզի, մեր Աստուածը.

Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.