2015-06-06 17:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Պոզնիա - Հերցեկովինայի կղերական դասին ուղղած պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սարայեւօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը Սիրտ Յիսուսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղական կղերական դասին հետ։ Հանդիպումին սկիզբը խօսք առաւ Սարայեւոյի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Վինքօ Փույիչը,  ապա քահանայ մը­, կրօնաւոր մը լեւ կրօնաւորուհին մը ներկայացուցին իրենց կեանքէն քաղուած վկայութիւններ հուսկ տեղի ունեցան սուրբ գրային ընթերցումները ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  որ մէկդի դնելով այս առթիւ պատրաստուած ճառը ուզեց սրտաբուխ խօսք մը արտասանել ներկայ գտնուող կղերական դասին, ներշնչուելով ներկայացուած վկայութիւններէն ու մատնանշելով Նահատակներու եւ մարտիրոսներու արիւնին։ ''Վկայութիւնները խօսուն էին ու անոնք կը ներկայացնեն ձեր ժողովուրդին յիշողութիւնը։ Ժողովուրդ մը որ կը մոռնայ` ապագայ չունի'' -ըսաւ.Ֆրանչիսկոս Պապը  հրաւիրելով ներկաները հետեւելու մարտիրոսներու օրինակին ու անոնց յիշատակին վրայ հիմնուելով ձգտելու խաղաղութեան։  

Սրբազան Հայրը  հրաւիրեց  հեռու մնալու աշխարհիկ հոգիէն ու ըլլալ վկաները Քրիստոսի, սիրելով ու յարգելով բոլորը անխտիր, խնամք տանելով հօտին ու աղօթելու ընտանիքներուն համար, որպէսզի ծաղկին նաեւ կոչումները։ Ան ապա անդրադարձաւ Սարաեւոյի անցեալին ապրած դաժանութիւններուն հրաւիրելով ներկաները յաղթահարելու դժուարութիւնները եղբայրական զգացումներով ու կրելով Յիսուսի Խաչը որպէս վկայութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութեան։  

Քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ապա արտասանեց Հայր Մեր` Տէրունական աղօթքը ու բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։ 

Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Ֆրանչիսկեան հայրերու պատկանող երիտասարդաց կեդրոն ուր հանդիպում ունեցաւ երկրին կրօնական ներկայացուցիչներուն հետ ու մասնակցեցաւ միջ - եկեղեցական եւ միջ - կրօնական աղօթքի հանդիպումին։

----------------------------------

Ֆրանչիսկոս Պապին  Պոզնիա - Հերցեկովինայի կղերական դասին յանձնած գրաւոր պատգամը։

(Ռատիօ Վատիկան) Սարայեւօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ տեղական կղերական դասին հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ ըսաւ`

Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր տածած աշխատանքներուն համար՝ Աւետարանի հռչակման  եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան ի սպաս։

Եկած եմ ձեր երկիրը  որպէս խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ուխտաւոր, հաստատելու եւ քաջալերելու համար մեր եղբայրները իրենց հաւատքին մէջ, յատկապէս ձեզ`  կրօնաւորներդ որ կանչուած էք աշխատելու Տիրոջ այգիին մէջ։

Կը մտաբերեմ ձեր  քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ներկայի եւ անցեալի  տառապանքները ու անհատական, ընկերային եւ հովուական դժուարութիւնները՝ որոնք դիմագրաւուեցան  ծառայութեան անխոնջ հոգիով։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով ապա երկրին մէջ կոչումներու թիւի անբաւարարութեան մասին, յայտնեց, թէ Աստուծոյ՝ խօսքի եւ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը ապրելով, մեր մէջ կը վերանորոգուին վստահութիւնն ու յոյսը։ Բեղուն եւ արդիւնաբեր  ծառայութիւնը կախեալ է մասնաւորապէս հաւատքէն՝ Քրիստոսի սիրոյ հաւատքը, որմէ ոչ մէկ  բան եւ ոչ մէկը կրնայ մեզ հեռացնել։

Հսկեցէք ձեր եւ բովանդակ հօտին վրայ  -յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը -  հարցադրելով  թէ ի՞նչ կը նշանակէ ուխտեալ անձի մը համար, այսօր՝ հոս, Պոզնիա- Հերցեկովինայի մէջ ծառայել Աստուծոյ հօտին ու պատասխանեց. ''կը նշանակէ գործադրել յոյսի հովուականութիւնը, պահպանելով հովիտին մէջ գտնուող ոչխարները, ինչպէս նաեւ դուրս ելլել ու փնտռել անոնք որոնք կը սպասեն բարի աւետիսը եւ չեն գիտեր առանցին գտնել ուղին որ կ՛առաջնորդէ դէպի Քրիստոս''։

Քահանան , կրօնաւորը կանչուած է ապրելու իր ժողովուրդին վիշտերն ու մտահոգութիւնները, աշխատելու միջավայրի մը մէջ որ յաճախ յատկանշուած է բախումներով, անհամերաշխութեամբ , աղքատութեամբ ինչպէս նաեւ  անկայունութեամբ։

Դժուարին  եւ ցաւալի պահերուն հայցենք Աստուծմէ սիրտ մը` որ գիտէ յուզուիլ, չկայ լաւագոյն վկայութիւն մը քան՝ ժողովուրդին  հոգեկան եւ նիւթական կարիքներուն մօտիկութիւն ցուցաբերելու  վկայութիւնը։

Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն , կրօնաւորներուն պարտականութիւնն է զգացնել  ժողովուրդին՝ Աստուծոյ մօտիկութիւնը` ձեռքը  որ կը մխիթարէ եւ կ՝ամոքէ ցաւերը։ Երբեք չի յոգնինք մեր սիրտը բանալու  եւ ձեռք երկարելու  բոլոր անոնց  որոնք օգնութիւն կը հայցեն մեզմէ - թելադրեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու  ճարին աւարտին  քաջալերեց կղերական դասը  ''հրճուանքով յարատեւելու հովուական ծառայութեան մէջ, որուն արդիւնաբերութիւնը յառաջ կու գայ հաւատքէն ու շնորհքէն եւ  նաեւ համեստ կեանք ապրելու վկայութենէն''։

Ան ապա Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին հովանիին յանձնեց զանոնք ու իր Առաքելական օրնհութիւնը շնորհեց  ապահովեցնելով իր աղօթքը ու անոնցմէ խնդրելով  որ աղօթեն իրեն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.