2015-06-06 09:52:00

Սատտամի օգնական Թարեք Ազիզ մահացաւ


Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի երկար տարիներու արտաքին գործոց նախարար ու փոխվարչապետ Թարեք Ազիզ մահացաւ իրաքեան հիւանդանոցի մը մէջ: 2010¬ին Իրաքի գերագոյն դատարանը զինք մահուան դատապարտած էր կրօնական կուսակցութիւնները հալածելուն համար, սակայն վճիռը չգործադրուեցաւ:

Քրիստոնեայ Ազիզ 2003¬ին Պաղտատի գրաւումէն ետք անձնատուր եղած էր ամերիկեան ուժերուն:

79-ամեայ Ազիզ սրտի կաթուած անցընելէ ետք բանտէն հիւանդանոց փոխադրուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.