2015-06-06 10:06:00

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն 2 Օր առաջ՝ երկրին մէջ խանգարումներ։


Առնուազն երկու զոհ եւ հարիւր վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ Տիգրանակերտի մէջ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրական հաւաքին ընթացքին երկու պայթումներ տեղի ունեցան:

Հազարաւորներ կը մասնակցէին 7 յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ կուսակցութեան վերջին հաւաքին: Կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ քաղաքին մէջ հանդարտութեան կոչ ուղղեց:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու խոստացաւ պայթումներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել: «Յստակ չէ, թէ ասիկա յարձակո՞ւմ է, թէ՞ արկած: Պատճառը ինչ որ ալ ըլլայ պիտի բացայայտենք», ըսաւ ան: Ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ հերքեց նախնական տեղեկութիւնը, թէ պայթումները ելեկտրածինի մը խանգարումին պատճառով էին








All the contents on this site are copyrighted ©.